Գամիշլիի Ազգ. Միացեալ Վարժարանի Միջնակարգի Աւարտական Հանդէս

Գանձասարի թղթակիցին տեղեկացմամբ, Յունիս 5-ին, Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցած է Գամիշլիի Ազգ. Միացեալ վարժարանի միջնակարգի 9-րդ կարգի հանդէսը։
Վարժարանէն շրջանաւարտ դարձած են 45 աշակերտ-աշակերտուհիներ՝ փոխանցուելով երկրորդականի հանգրուան։