Արցախեան Գինիի Փառատօն Տող Գիւղին ՄԷջ

Արցախեան գինիի երրորդ փառատօնի կազմակերպման օրը յայտնի է. այս տարի այն կը կազմակերպուի Սեպտեմբեր 17-ին, Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ:Այդ մասին «Արցախփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին տեղեկացուցած է ԼՂՀ տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագիրներու պատասխանատու Արտակ Գրիգորեան` աւելցնելով, որ փառատօնի ծրագիրը մշակման փուլի մէջ է եւ յառաջիկային կը ներկայացուի հանրութեան: Ա. Գրիգորեանի խօսքով, ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն, այս տարի փառատօնի օրը տեղափոխուած է Հոկտեմբերի երրորդ շաբաթէն Սեպտեմբերի երրորդ շաբաթը: Պատճառը, ըստ մեր զրուցակիցին, հիմնականին մէջ պայմանաւորուած է անձրեւային եղանակով:
Նշենք, որ Արցախեան գինիի առաջին եւ երկրորդ փառատօնները տեղի կ’ունենային Հոկտեմբերի 3-րդ շաբաթ օրը: Արցախեան գինեգործութեան ու մշակոյթին նուիրուած ամէնամեայ այդ տօնակատարութեան ընթացքին կը կազմակերպուին արցախեան գինիի եւ բերքի ցուցահանդէս-վաճառքներ, աւանդական համերգներ, արուեստի ցուցահանդէսներ:
Գինիի տօնավաճառին կը ներկայացուին գինեգործութեամբ յայտնի ԼՂՀ բոլոր շրջանները, ինչպէս նաեւ գինեգործներ Հայաստանի Հանրապետութենէն: Արցախեան գինիի փառատօնը կը կազմակերպուի ԼՂՀ տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ` մասնաւոր ընկերութիւններու հետ համագործակցութեամբ: