Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի Միջնակարգի Եւ Երկրորդականի Աւարտական Հանդէս

Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Թե­միս Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Շա­հան Ս. Արք. Սար­գիս­եա­նի, Կի­րա­կի 19 Յունիս 2016-ի առա­ւօտ­եան ժա­մը 11:00-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ Կր­թա­սի­րաց Ս. Չէմ­պէրճ­եան երկրդ. վար­ժա­րա­նի 2015-2016 տա­րեշր­ջա­նի միջ­նա­կար­գի եւ երկ­րոր­դա­կա­նի աւար­տա­կան հան­դէ­սը Կր­թա­սի­րաց Մշկթ. Միու­թեան «Զ. Գաբրի­էլ­եան» սրա­հէն ներս:

Հան­դի­սու­թիւնը բաց­ուե­ցաւ Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան քայ­լերգ­նե­րով, որ­մէ ետք ներ­կա­նե­րը մէկ վայրկ­եան յոտն­կայս յար­գե­ցին յի­շա­տա­կը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քի նա­հա­տակ­նե­րուն: Հա­յե­րէն բաց­ման խօսք ար­տա­սա­նե­ցին 9-րդ կար­գէն Սե­զա Խո­րոզ­եան եւ Ան­նա Մար­իա Գա­զանճ­եան, իսկ արա­բե­րէն` Էլի Իշուհ եւ Նա­ղամ Գր­րօ, որոնք իրենց երախ­տա­գի­տու­թիւնը յայտ­նե­ցին վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին: Այ­նու­հե­տեւ փունջ մը հա­յե­րէն եւ արա­բե­րէն եր­գե­րով ելոյթ ու­նե­ցաւ վար­ժա­րա­նի աշա­կեր­տա­կան երգ­չա­խում­բը, մաս­նակ­ցու­թեամբ միջ­նա­կար­գի եւ երկ­րոր­դա­կա­նի աշա­կեր­տութ­եան, գեղ.ղե­կա­վա­րու­թեամբ տոքթ. Սար­գիս Իս­կէն­եա­նի: 9-րդ կար­գի խումբ մը աշա­կերտ­ներ հան­դէս եկան արա­բե­րէն աս­մուն­քով, ապա ներ­կա­յաց­ուե­ցաւ Գէ­որգ Էմի­նի «Երգ եր­գոց» ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնը: 12-րդ կար­գէն Վրէժ Ներ­սէս­եան «Յա­ռաջ Հա­յաս­տան» եր­գը գե­ղեց­կօ­րէն մե­ներ­գեց, որ­մէ ետք Հա­մօ Սահ­եա­նի «Ախ ես ինչ­պէս վեր կե­նամ գնամ» քերթ­ուա­ծը տպա­ւո­րիչ կեր­պով ներ­կա­յաց­ուե­ցաւ: Արա­բե­րէն լե­զուով Գա­րոլի­նա Աճա­յէպ արա­բե­րէն հայ­րե­նա­սի­րա­կան երգ մը ներ­կա­յա­ցուց, որ­մէ ետք 12-րդ կար­գի աշա­կերտ­նե­րը արա­բե­րէն լե­զուով ոտա­նա­ւոր մը ներ­կա­յա­ցու­ցին: 12-րդ կար­գի աշա­կերտ­նե­րը աս­մուն­քե­ցին Յով­հան­նէս Շի­րա­զի «Նո­յի ագ­ռաւ­նե­րին» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւնը:

12-րդ կար­գէն Սա­հակ Իս­կէն­եան դաշ­նա­մու­րով ներ­կա­յա­ցուց Արամ Խա­չա­տուր­եա­նի «Թո­քա­թա»ն: Ապա Յա­րու­թիւն Զա­տիկ­եան եւ Գէ­որգ Խո­րոզ­եան կի­թա­ռի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ մե­ներ­գե­ցին, որ­մէ ետք Մա­րի­նա Ռահ­պէ եւ Ալեք­սանդր Ման­սուր գե­ղե­ցիկ պար մը ներ­կա­յա­ցու­ցին, դաշ­նա­մու­րի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Էլի Իշու­հի: Յայ­տա­գի­րի աւար­տին Զուարթ Գա­զանճ­եան նուա­գեց Պեթ­հո­վէ­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն, որուն հետ մէկ­տեղ տե­սե­րի­զով ներ­կա­նե­րուն ցու­ցադր­ուե­ցան շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րուն նա­խորդ տա­րի­նե­րու յի­շա­տա­կե­լի լու­սան­կար­նե­րը:

Այ­նու­հե­տեւ երաժշ­տու­թեան ըն­կե­րակ­ցութ­եամբ բեմ բարձ­րա­ցան շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը: Հրա­ժեշ­տի արա­բե­րէն խօսք ներ­կա­յա­ցու­ցին 12-րդ կար­գէն` Սա­հակ Իս­կէն­եան եւ Ճե­սի­քա Մատ­ֆու­նի, իսկ հա­յե­րէն` Լի­զա Գա­լայճ­եան եւ Կա­րա­պետ Աւե­տիս, որոնք շնոր­հա­կա­լա­կան եւ երախ­տա­գի­տա­կան խօս­քե­րով հրա­ժեշտ տուին իրենց սի­րե­լի վար­ժա­րա­նին` խոս­տա­նա­լով միշտ նե­ցուկ կանգ­նիլ անոր:

Այ­նու­հե­տեւ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէն Անդ­րա­նիկ Պօ­ղոս­եան փո­խան­ցեց իր սր­տի խօս­քը: Ան նշեց, թէ1924 թուա­կա­նէն մին­չեւ օրս Կր­թա­սի­րաց ու­սում­նա­րա­նը ամէն տա­րի իր ազ­գին կը նուի­րէ փունջ մը երի­տա­սարդ­ներ` հա­ւա­տա­րիմ հայ­րե­նի­քին եւ ազ­գին: Շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը 8-րդ հունձքն են երկ­րոր­դա­կա­նի եւ 11-րդ հունձ­քը` միջ­նա­կար­գի, որոնք շա­րու­նա­կե­լով նոյն առա­քե­լու­թիւնը իրա­կա­նա­ցու­ցած կ՛ըլ­լան     երա­զը մեր ազ­գան­ուէր եւ նուիր­եալ հիմ­նա­դիր­նե­րուն:

Տնօ­րէ­նը ըսաւ, որ բո­լո­րե­լով 2015-2016 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նը, հա­կա­ռակ բազ­մա­պի­սի դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն, դպ­րո­ցին դու­ռը միշտ բաց պա­հե­ցինք հայ աշա­կեր­տին առ­ջեւ եւ մեր զա­ւակ­նե­րը չզրկ­ուե­ցան ջեր­մու­թե­նէն, լու­սա­ւո­րու­մէն, ջու­րէն եւ մա­նա­ւանդ կր­թա­կան պի­տոյք­նե­րէն` ի պա­տիւ Կր­թա­սի­րաց Մշկթ. Միու­թեան ղե­կա­վա­րու­թեան եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի նուիր­եալ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն, յատ­կա­պէս Կր­թա­սի­րա­ցի հա­րա­զատ զա­ւակ, ազ­գա­յին բա­րե­րար  Գաբրի­էլ Չէմ­պէրճ­եա­նին:

Ան իր երախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րը յայտ­նեց Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Շա­հան Ս. Արք. Սար­գիս­եա­նին, որ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին եւ մա­նա­ւանդ պա­տե­րազ­մի սեւ օրե­րուն եր­բեք չլ­քեց իր հօ­տը, անոր կող­քին մնաց, առաջ­նոր­դեց, հե­տապն­դեց, եւ լսե­լի ձայ­նը եղաւ վի­րա­ւոր մայր գա­ղու­թին, ամէն տեղ եւ ամէ­նու­րեք, բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րով:

Տնօ­րէ­նը երախ­տա­գի­տա­կան խօսք ուղ­ղեց հայ­րե­նի պե­տա­կա­նու­թեան, կրօ­նա­կան հով­ուա­պետ­նե­րուն, ազ­գա­յին եւ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րուն, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն, բա­րե­րար­նե­րուն, հա­մայն­քի պաշտ­պան­նե­րուն, Սուր­ի­ա­հայ Շտապ Օգ­նու­թեան եւ Վե­րա­կանգ­նու­մի Մար­մի­նին, Գա­լուստ Կիւլ­պէնկ­եա­նին, Հաուըրտ Գա­րա­կէ­օզ­եան եւ Ճի­նիշ­եան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն, Ամե­րի­կա­յի Այն­թա­պի Սա­նուց Միու­թեան եւ բո­լոր անոնց, որոնք սա­տար եւ պաշտ­պան կը հան­դի­սա­նան մեր կր­թօ­ճախ­նե­րուն:

Ան շնոր­հա­կա­լա­կան խօսք ուղ­ղեց նուիր­եալ երի­տա­սարդ­նե­րուն, որոնք ի գին ամէն զո­հո­ղութ­եան կը հս­կեն եւ կը պաշտ­պա­նեն մեր կր­թօ­ճախ­նե­րը, եկե­ղե­ցի­նե­րը եւ մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­նե­րը:

Իր խօս­քի աւար­տին ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց վար­ժա­րա­նիս պե­տա­կան տնօ­րէ­նին, կըր-­թա­կան տնօ­րէ­նու­թեան եւ Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քին, բա­նա­կին ու անոր վսե­մա­շուք նա­խա­գահ տոքթ. Պա­շար ալ Ասա­տին:

Այ­նու­հե­տեւ բեմ հրա­ւիր­ուե­ցաւ Արժ. Տ. Գառ­նիկ քհնյ. Չա­փան­եան` կա­տա­րե­լու պար­գե­ւատ­րում եւ վկա­յա­կա­նաց բաշ­խում: Յա­ջոր­դա­բար պար­գե­ւատր­ուե­ցան նա­խորդ տար­ուան միջ­նա­կար­գի եւ երկ­րոր­դա­կա­նի առաջ­նա­կարգ աշա­կերտ­նե­րը: Այս­պէս. 9-րդ` Նա­նոր Պա­լըգճ­եան, 12-րդ գի­տա­կան` Անի Սա­հակ­եան եւ 12-րդ գրա­կան` Արազ Քէ­շիշ­եան: Գնա­հա­տա­գի­րով եւ նիւ­թա­կան պար­գե­ւով պար­գե­ւատր­ուե­ցան «Ար­մէն Յա­րու­թիւն­եան» հա­յոց պատ­մու­թեան եւ շա­րադ­րութ­եան մր­ցա­նա­կին առա­ջին երեք դիր­քե­րը ապա­հո­վող ԺԱ կար­գի հե­տեւ­եալ աշա­կերտ­նե­րը. Մե­ղե­դի Գու­յումճ­եան, Դա­լար Ֆս­թըգճ­եան, Շա­ղիկ Խա­չոյ­եան եւ Մա­րի­նա Քի­րազ­եան:

Պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շր­ջա­նը աւար­տե­լուն առի­թով պար­գե­ւատր­ուե­ցաւ վար­ժա­րա­նիս երաժշ­տու­թեան եւ ար­ուես­տի վաս­տա­կա­շատ ու­սուց­չու­հի Հու­րի Պար­սում­եան-Հա­տիտ­եան, որ իր երախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րը փո­խան­ցեց Կր­թա­սի­րաց վար­ժա­րա­նին: Ապա գնա­հատ­ուե­ցաւ արա­բե­րէն լեզ­ուի եւ գրա­կա­նու­թեան ու­սուց­չու­հի Սոն­իա Թա­հան, միջ­նա­կար­գի աշա­կերտ­նե­րուն պե­տա­կան քն­նու­թեան արա­բե­րէն լեզ­ուի դա­սա­նիւ­թին բարձր նի­շեր ապա­հո­վե­լուն իր նպաս­տը բե­րե­լուն առի­թով: Ապա ծաղ­կե­փուն­ջե­րով գնա­հատ­ուե­ցան երկ­րոր­դա­կա­նի տե­սուչ­ներ` Մա­րալ Դեր­ձակ­եան եւ Տոքթ. Ճորճ Դա­ւի­թեան իրենց աշ­խա­տան­քին  եւ ան­սա­կարկ նուի­րու­մին հա­մար:

Ար­ժա­նա­պա­տիւ հօր ձե­ռամբ վկայ­ուե­ցան միջ­նա­կար­գի 23 աշա­կերտ­ներ, իսկ երկ­րոր­դա­կա­նի 41 աշա­կերտ­ներ:

Ար­ժա­նա­պա­տիւ Տ. Գառ­նիկ քհնյ. Չա­փան­եան փո­խան­ցեց իր սր­տի խօս­քը: Ան շնոր­հա­ւո­րեց շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը իրենց պատ­ուա­բեր ար­դիւնք­նե­րուն հա­մար եւ սր­բա­զան հօր բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներն ու շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեց այս առի­թով:

Հան­դի­սու­թիւնը փակ­ուե­ցաւ «Պահ­պա­նիչ» աղօթ­քով:

Թղ­թա­կից

Scroll Up