Գերմանացի Պատգամաւորը Կոչ Կ’ընէ Հայոց Ցեղասպանութեան Թեման Դասաւանդելու Թրքական Դպրոցներուն ՄԷջ

Եւրոխորհրդարանի Եւրոպական պահպանողականներու եւ բարեփոխիչներու խմբակցութեան փոխնախագահ Հանս-Օլաֆ Հենքելը կը կարծէ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունելու, մեղքի պատասխանատուութիւնը իր վրայ վերցնելու համար ամենայարմար խորհրդարանը հէնց Թուրքիայինն է, կը գրէ Artsakhpress-ը:

Անոր խօսքով` գերմանական դպրոցներու կրթական ծրագիրներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թեմայի ներառումը շատ լաւ միտք է, քանի որ այն կը կազմէ պատմութեան մէկ մասը:

«Կը կարծեմ` այն, իսկապէս, պէտք է ուսուցանուի դպրոցներուն մէջ. ես կը ցանկայի, որ սա նախ եւ առաջ դասաւանդէին Թուրքիոյ դպրոցներուն մէջ: Ամբողջ աշխարհի մէջ յայտնի  բան է, որ առանձին երկիրներ  կը փորձեն ուսուցանել այն պատմութիւնը, որ իրենց երկիրը կը ներկայացնէ միայն լաւ կողմէն: Այս հարցով, թերեւս, Գերմանիան բացառութիւն է, որ իր ժողովուրդին կը ներկայացնէ Առաջին եւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմներուն ընթացքին իրականացուցած վայրագութիւնները»,-նշեց ան:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ արձագանքին, որն ընդհուպ ստիպեց Գերմանիոյ թուրք պատգամաւորներէն մէկուն հանդէս գալ Էրտողանի մուտքը երկրի տարածք արգիլելու կոչով` Հանս-Օլաֆ Հենքելը նշեց, որ ատիկա պարզապէս սարսափելի երեւոյթ է:

«Էրտողան կը տանի ամբողջ երկիրը սխալ ուղղութեամբ, 10 տարի առաջ այն թերեւս այլ երկիր էր, օրինակ` գոնէ յարաբերականօրէն ազատ մամուլ ունէր, սակայն Էրտողանի օրօք, այն կ’երթայ դէպի ներքեւ»,- ըսաւ Հանս-Օլաֆ Հենքելը:

Յունիս 2–ին Գերմանիոյ Պունտեսթակը ընդունեց «1915 թ. հայերու եւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան յիշատակի եւ ոգեկոչման մասին» անուանումը կրող Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, որմէ ետք Թուրքիան առաջին քայլով յետ կանչեց Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը, ապա մեղադրանքներ հնչեցուց Պունտեսթակի թրքական արմատներ ունեցող պատգամաւորներուն նկատմամբ, որ բողոքի լայն ալիք բարձրացուց Պունտեսթակէն ներս ընդդէմ Թուրքիոյ, ընդհուպ մինչեւ Պունտեսթակի նախագահ Նորպերթ Լամերթի` Էրտողանին ուղղուած յայտարարութիւնը. «Առանձին պատգամաւորներու վրայ սպառնալիքներու միջոցով ճնշում գործադրել կը նշանակէ յարձակիլ ողջ խորհրդարանին վրայ»:

Յունիս 16-ին յայտնի դարձաւ, որ Գերմանիոյ մէջ կը քննարկուի դպրոցներու կրթական ծրագիրին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թեման ներառելու հարցը:

 

Scroll Up