Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն. Կոչ՝ Իրաքի Հայերը Գիտաժողովին Մասնակցելու

2017 թուականի Մայիսին Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը պիտի կազմակերպէ «Իրաքի հայերը» գիտաժողով:

Ուսումնասիրութիւն կրնայ ներկայացուիլ հետեւեալ նիւթերուն շուրջ.-

Ա) Պատմութիւն.- Հայերը Իրաքի մէջ. 1՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ, 2՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն, 3՝ Յետ-Ցեղասպանութեան շրջանին (Բրիտանական/թագաւորական/նախա- եւ յետ-Սատտամ Հիւսէյնի ժամանակաշրջան/ներկայ հանգրուանը).

Բ) Պետութիւնը եւ Հայերը. Հայերը պետական վարչամեքենային մէջ (նախարարութիւններ, բանակ եւ զինուորականութիւն, առողջապահութիւն, քաղաքական կեանք, տեղական կառավարութիւն եւն.), սահմանադրութիւնը եւ փոքրամասնութեանց իրաւունքները, հայերը Քիւրտիստանի Մարզի Կառավարութեան մէջ.

Գ) Հայ Գաղթականութիւնը, Գաղթակայաններն ու Պայմանները. Նահր էլ Օմար, Պաքուպա եւն.

Դ) Յետ-Գաղթականական Հայ Բնակավայրեր. Անցեալի եւ ներկայի հայկական բնակավայրերը՝ Մոսուլի, Զախոյի, Տըհոքի, Իրպիլի, Պաղտատի, Պասրայի, Հաւրէզի, Աւզրուկի մէջ.

Ե) Հայ Եկեղեցին (Առաքելական, Կաթողիկէ, Աւետարանական). Հայ Եկեղեցին Իրաքի մէջ եւ իր դերը միջկրօնական երկխօսութեանց, թէ մարդասիրական աջակցութեան ծիրին մէջ:

Զ) Կազմակերպութիւններ. Իրաքի հայ կազմակերպութիւններն ու միութիւնները (ընկերային, բարեսիրական, մշակութային, մարզական եւն.) եւ անոնց դերը.

Է) Մշակոյթ. Իրաքի հայ դպրոցները, մամուլ-գրականութիւն-տպագրութիւնը, երգչախումբերը, թատրոնը, գեղանկարչութիւնը, իրաքահայ մշակոյթի դէմքեր.

Ը) Ինքնութիւն եւ Համարկում. Հայօճախին նպաստը Իրաքի՝ մշակոյթին (թատրոն, արուեստներ, լուսանկարչութիւն, երաժշտութիւն, մարզական կեանք եւն), տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստին, առեւտուրին եւ շուկային, հաղորդամիջոցներուն եւ տպագրութեան, ընկերային եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններուն, հայերը Պաաս/համայնավար/այլ կուսակցութիւններու մէջ, ինքնութեան հարցեր եւ այլասերում/ձուլում.

Թ) Հայերը՝ Իրաքցի Տեղաբնիկներուն Պատկերացումին մէջ. Հայերուն պատկերը Իրաքի մշակոյթին մէջ (սինեմարուեստ, թատրոն, գրականութիւն, բանաւոր պատմութիւն, հաւաքական յիշողութիւն).

Ժ) Իրաքահայ Սփիւռքը. Իրաքահայերու ներգաղթը Հայաստան՝ 1920ականներէն սկսեալ, արտագաղթը դէպի Արեւմուտք (Մ. Նահանգներ, Եւրոպա, Աւստրալիա).

ԺԱ) Իրաքահայ Հաղորդակցական Ցանցը. Իրաքահայերու կապը Հայաստանի, Միջին Արեւելքի հայօճախներու, Սփիւռքին եւ արտասահմանի իրաքահայերուն հետ.

Մասնակցութեան Տուեալներ 

ա) Մասնակիցներ պարտին 25 վայրկեան տեւողութեամբ զեկոյցներ կարդալ իրենց ուսումնասիրութեան մասին՝ հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն կամ արաբերէն լեզուներով (թարգմանութիւնը ապահովուած է).

բ) Ուսումնասիրութիւնները պիտի հրատարակուին առանձին գիրքով, հետեւաբար մինչեւ 30 Յուլիս 2017 մասնակիցները պարտին վերջնական ձեւի դրած ըլլալ իրենց ուսումնասիրութիւնները եւ յանձնել զանոնք Կեդրոնին.

գ)Կեդրոնը մինչեւ չորս օրուան կեցութիւն պիտի տրամադրէ գիտաժողովին մասնակիցներուն.

դ) Դիմորդները պարտին մինչեւ 25 Նոյեմբեր 2016 ել-նամակով Կեդրոնին յղել իրենց ուսումնասիրութեան նիւթին ամփոփումը.

ե) Դիմումին եւ նիւթի ընդառաջման պատասխանը կը տրուի մինչեւ 20 Դեկտեմբեր 2016:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ մանրամասնութիւններու համար դիմել.-

Հայկազեան Համալսարան, Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն.-

հեռ. 00961 1 349230 ext. 205, կամ 00961 3 712058,

կամ գրել՝adakessian@haigazian.edu.lb հասցէին:

Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն

Scroll Up