Հայաստան Կատարելիք Այցին Ընթացքին Հռոմի Պապը Պիտի Հանդիպի Ցեղասպանութեան Զոհերու Ժառանգներուն

Սուրբ Աթոռի լրատուական ծառայութեան տնօրէն հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին Յունիս 21­-ին լրագրողներուն հետ զրոյցին ներկայացուցած է Ֆրանչիսկոս պապի` Հայաստան կատարելիք այցի մանրամասները, որ տեղի կ’ունենայ Յունիս 24­-26­-ին:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-­ը` վկայակոչելով «Ռատիօ Վատիկան»-ի կայքէջը, ան նշած է, որ Պապի այցելութիւնը կ’ընդգծէ վերջինիս ցանկութիւնը` ցոյց տալու իր մտերմութիւնը հայ ժողովուրդին, որ իր երկար պատմութեան ընթացքին այդքան տառապած է, ինչպէս նաեւ հայերու` խաղաղութեան ձգտումը կիսելու համար: Լոմպարտին տեղեկացուցած է, որ Ծիծեռնակաբերդ յուշահամալիր կատարելիք այցի ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապը պիտի հանդիպի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն հետ:

«Այցի ծիրէն ներս Հռոմի Պապը պիտի հանդիպի կոտորուածներու ժառանգներուն հետ` Ծիծեռնակաբերդ կատարելիք այցի ժամանակ: Յուշահամալիրը կ’ոգեկոչէ այն 1.5 միլիոն հայերու յիշատակը, որոնք սպաննուած են 1915­-1923 թթ­ին Օսմանեան զօրքերուն կողմէ»,­ նշած է ան:

 

Scroll Up