Աշխարհահռչակ Ջութակահար Արա Մալիքեան Պիտի Նուագէ Երեւանի ՄԷջ

Հայերն այսօրը «Թումօ» կեդրոնէն կը տեղեկանայ, որ «Թումոյի» հնգամեակին այս տարի Սպանիայէն Հայաստան հրաւիրուած է աշխարհահռչակ հայ ջութակահար Արա Մալիքեան:
Ըստ աւանդութեան, «Թումոյի» տարեդարձին առթիւ կեդրոնը ամէն տարի բացօթեայ համերգ կը կազմակերպէ: Արա Մալիքեան Հայաստան պիտի ժամանէ իր խումբին հետ: Համերգը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 31-ին:
Շարք մը միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր ջութակահարը ծնած է Լիբանան, կը բնակի Սպանիա, հեղինակ է տասնեակ ձայնասկաւառակներու: