Հայաստանի ՄԷջ Հռոմի Պապը Պիտի Փորձէ Նպաստել Թուրքիոյ Եւ Ատրպէյճանի Հետ Հաշտեցման

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վէճը ետ  պահած է Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսը մէկ այցի ծիրէն ներս երկու երկիրները այցելելու գաղափարէն, կը յայտնէ Rome Reports–ը:

Հռոմի Պապը Յունիս 24-26-ին կ’այցելէ Հայաստան, իսկ Հոկտեմբերի սկիզբը` Ատրպէյճան եւ Վրաստան:

«Յառաջիկայ այցի ժամանակ Պապը պիտի փորձէ առճակատուիլ Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան, որ յառաջացած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչմամբ եւ թուլացնէ այդ երկրի ու Թուրքիոյ միջեւ լարուած յարաբերութիւնները:  Խոր Վիրապի եկեղեցիէն Պապը պիտի տեսնէ հայ–թրքական սահմանն ու Արարատ լեռը»,–  կը գրէ պարբերականը:

«Պապի այցը ցոյց կու տայ, որ Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցին մօտ է բոլորին եւ կը հաստատէ, որ մեր եկեղեցիներուն միջեւ ոչ միայն բարեկամութիւն է, այլ նաեւ հաւատքի եւ յարգանքի խորը յարաբերութիւններ»,–Արցախփրէսի փոխանցմամբ`  ըսած է Հռոմի մէջ Պապի հայկական քոլեջի ղեկավար հայր Գրիգոր Պատիչահ:

 

Scroll Up