Հալէպի Կեանքը Պէտք է Մոռնանք, Հայաստանի Կեանքով Ապրինք. Անի Արթինեան

Հալէպահայ Անի  Արթինեանը գրեթէ չորս տարիէ Հայաստան է: Ամուսինը երկաթագործ է, նոր-նոր սկսած է աշխատելու: Երեք որդի ունի, կ՛աշխատի միայն միջնեկ տղան: Մեծ տղան աշխատանք կը փնտռէ, փոքր տղան կ՛ուսանի, ատամնաշար կ՛ուզէ դառնալ: Անին  կը պատրաստէ անուշեղէնի տարբեր տեսակներ եւ կը փորձէ ինչ-որ ձեւով օգնել ընտանիքին:

«Փախած, եկած ենք: Առանց որեւէ իր, հագուստ վերցնելու` եկանք Հայաստան:  Օրուայ ծախսերը միայն կրնանք հոգալ: Բայց, փառք Աստծոյ, հիւանդ չըլլանք, հարցի կարօտ չըլլանք, աշխատինք ու ապրինք»,- Panorama.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին Հալէպէն Հայաստան անցած ճանապարհը հակիճ նկարագրեց եւ այսօրուայ վիճակը ներկայացուց Անի  Արթինեանը:

Ան իր պատրաստած քաղցրաւենիքները ներկայացուցած է  «Մարիոթ» հիւրանոցի «Արարատ» սրահին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէս-վաճառքին:

Ա. Արթինեան կ՛ըսէ, որ կ՛աշխատի տունը, պատուերներ կը ստանայ, կ՛առաքէ կամ ինքը, կամ որդին, կամ ալ պատուիրատուն կու գայ կ՛առնէ:

«Հալէպի կեանքը պէտք է մոռնանք,  Հայաստանի կեանքով ապրինք: Դժուար է, այնտեղ ամուսնացած եմ, ունեցած ու մեծացուցած եմ երեք որդիներս: Ունեցած ենք տուն, խանութ, ամէն ինչ ձգած եւ եկած ենք: Բայց գոհ ենք, որ գոնէ մեր հայրենիքին մէջ ենք: Միայն կ՛ուզեմ յաջողութիւններ ըլլան, որ այլ երկիր չերթանք: Հիմա կ՛երթան Գանատա, Ամերիկա, այս ու այն տեղ: Ես կ՛ուզեմ, որ բոլորը մնան Հայաստան: Թող ձեւով մը աշխատին ու մնան»,- նշած է ան:

Անի  Արթինեանի ազգականները, հակառակ պատերազմական գործողութիւններուն ու անոնց արդիւնքով ստեղծուած դժուարին պայմաններուն, կը շարունակեն մնալ Սուրիա. «Ամէն առաւօտ ցաւով կը հետեւիմ լուրերուն: Սթրեսի մէջ ենք միշտ: Մէկ մասը չ՛ուզեր տունը ձգել ու գալ, մէկ մասը Հայաստան հասնելու գումար չունի կամ ալ կ՛ըսեն երթանք, ինչպէս ապրինք, եթէ գործ չգտնենք»:

Արդէն հինգ տարիէ Սուրիոյ մէջ պատերազմ է: ՄԱԿ-ի տուեալներով, Սուրիոյ մէջ շուրջ 18 միլիոն մարդ կ՛ապրի, 7 միլիոնը տեղահանուած է: Սուրիոյ մէջ մինչեւ պատերազմ բնակած է 80 հազար հայ: Պատերազմական այս տարիներուն անոնց մեծ մասը լքած է Սուրիան` տեղափոխուելով Հայաստան, Լիբանան, Յորդանան, աշխարհի տարբեր երկիրներ: 17-20 հազար սուրիահայ դեռ Սուրիոյ մէջ է:

Scroll Up