Տեղի Ունեցաւ Կախաղան Բարձրացուած Հնչակեան 20 Նահատակներու Ոգեկոչման Երեկոյ

Յունիս 18-ին «Առնօ Բաբաջանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կախաղան բարձրացուած Հնչակեան 20 նահատակներու ոգեկոչման երեկոյ, որուն մասնակցեցան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեան, ՍԴՀԿ կեդրոնական վարչութեան անդամ Սեդրակ Աճեմեան, պետական, քաղաքական գործիչներ, հոգեւորականներ, խորհրդարանի անդամներ, քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Հնչակեան 20 նահատակներու յիշատակը:
Գերաշնորհ Տ. Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեան իր ելոյթը սկսաւ Սրբազանական աղօթքով: Իր խօսքին մէջ ան մասնաւորապէս նշեց. «Այսօր հաւաքուել ենք ոգեկոչելու 20 նահատակ հայորդիների յիշատակը: Նրանք հաւատում էին, որ 20-ի ետեւից քսան հազարներ են գալու: Փարամազը Հայոց պատրիարքին փոխանցած թաշկինակի վրայ հասցրել էր գրել. «Սթափ կեցէք, դիմեցէք ինքնապաշտպանութեան: Ջարդը ման է գալիս հայերի գլխին»: Հնչակեան քսան հերոսներն իրենց կեանքը տուեցին Հայաստանի անկախութեան համար, եւ խորհրդանշական է, որ կախաղան բարձրացան «Կեցցէ Հայաստանը» խօսքերը շուրթերին»:
Ելոյթ ունեցաւ ՍԴՀԿ կեդրոնական վարչութեան անդամ Սեդրակ Աճեմեան:
Ապրիլեան պատերազմի մասնակից Հնչակեան ջոկատներու մարտիկները պարգեւատրուեցան ՍԴՀԿ «Մեծն Մուրադ» մետալով:
Երեկոյի ընթացքին հնչեցին ազգային-յեղափոխական երգեր: