Սփիւռքի Նախարարը Մասնակցեցաւ «Հելիոս Փոտոլակիա» Բժշկական Կեդրոնի Բացման Արարողութեան

Յունիս 18-ին Ամիրեան 27/1 հասցէին ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցեցաւ սփիւռքահայ բժիշկ Հելէն Ազարեանի «Հելիոս փոտոլակիա» բժշկական կեդրոնի բացման արարողութեան:
Ողջունելով ներկաները` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորեց նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչած քուէյթահայ բժիշկ Հելէնը, կեդրոնի աշխատակիցները, յատկապէս հայ կանանց` նման բացառիկ ծառայութիւններէն օգտուելու հնարաւորութեան համար, ան բարձր գնահատեց այն սփիւռքահայերու ջանքերը, որոնք հայրենիքի մէջ ներդրումներ կը կատարեն եւ կը ստեղծեն աշխատատեղեր:
Սփիւռքի նախարարը մասնաւորապէս ըսաւ. «Ուրախ եմ, որ «Հելիոս» կենտրոնների երկրորդ ժապաւէնն եմ կտրում: Բազմաթիւ ժամանակակից բժշկական կենտրոններ են գործում, սակայն սփիւռքահայերը նոր ուղղութիւններ են փորձում զարգացնել, Երեւանի սրտում բացւում է «Հելիոս փոտոլակիա» ժամանակակից բժշկական կենտրոնը, որը մատուցելու է ոտնաթաթի եւ ձեռքերի բժշկական եւ էսթետիկ խնամքի ծառայութիւններ` համատեղելով առողջարարն ու գեղեցիկը: Յատկապէս խորին շնորհակալութիւն եմ յայտնում Հելէնի ամուսնուն` քոււէյթահայ գործարար ֆիլիփ Փաթաթանեանին, ով շռայլօրէն Երեւանում արդէն երկրորդ բժշկական կենտրոնն է բացում, յուսամ, որ «Հելիոսի» ցանցը կը տարածուի նաեւ մարզերում, մասնաւորապէս կենտրոն կը ստեղծուի Գիւմրիում: «Հելիոսը» գործում է շուրջ տաս տարի եւ առողջապահութեան ու ծառայութիւնների մատուցման նոր մշակոյթ է բերել Հայաստան: Չափազանց կարեւոր է, որ կենտրոնում աշխատում են այնպիսի բարձր որակաւորում ունեցող բժիշկներ` եւ մասնագէտներ, ինչպիսին պրոֆէսոր Էդուարդ Դանիէլեանն է: Եւս մէկ անգամ շնորհաւորում եմ գեղեցկուհի Հելէնին եւ նրա հրաշալի ընտանիքին նման փայլուն ծրագիրը իրականութիւն դարձնելու, նման ջերմ թիմ, մարդկային ու հայեցի միջավայր, ձեւաւորելու համար եւ մաղթում եմ նոր մտահղացումներ, նոր ուժ ու եռանդ, նոր ու օգտակար ձեռնարկներ»:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ կեդրոնի տնօրէն Հելէն Ազարեան, ան շնորհակալութիւն յայտնեց, Սփիւռքի նախարարին եւ բոլոր անոնց, որոնք եղած են իր կողքին, որոնք աջակցած են կեդրոնի ստեղծման գործին: Ան նշեց, որ առաջին «Հելիոս» կեդրոնը հիմնադրուած է Քուէյթի մէջ` 20 տարի առաջ, իսկ հայաստանեան մասնաճիւղը` 2007 թուականին:
«Նոր մասնաճիւղին մէկտեղուած են եւ՛ ոտնթաթի բուժական, եւ՛ գեղագիտական բաժինները` յաճախորդին մատուցելով համակողմանի ծառայութիւններ, հնարաւորութիւն տալով բուժում ստանալէ յետոյ կեդրոնէն դուրս գալ խնամուած ու լաւ տեսքով: Կեդրոնը յագեցած է գերմանական ժամանակակից սարքաւորումներով: Յոյսով եմ մեր կեդրոնը օգտակար գործունէութիւն կը ծաւալէ` թեթեւացնելով ոտնաթաթի եւ ձեռքերու խնդիրներ ունեցողներու հոգերը»,-նշեց Հելէն Ազարեան: