Ախալքալաքի Մէջ Նշուեցաւ Ուսուցիչի Տօնը

Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնին մէջ նշուեցաւ Ուսուցիչի տօնը: Երգն ու պարը, ասմունքն ու բեմադրութիւնը ամբողջացուցին օրուան խորհորդը: Կորիւնի օրինակով` ԱԵԿ-ի սաները մեծարեցին իրենց սիրելի ուսուցիչներուն. ուսուցիչներ, որոնք ոչ միայն կը կրթեն, այլեւ կ’արարեն վաղուան հայրենասէրին ու գիտնականին, շինականին ու ուսուցիչին:

Երբեք հնարաւոր չէ գնահատել այն դերն ու նշանակութիւնը, որն ունի ուսուցիչը սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ: Եկէ՛ք խոնարհինք այն ուսուցիչներուն առջեւ, որոնք իրենց հոգիի լոյսն ու ջերմութիւնը չեն խնայեր իրենց սաներուն համար, որոնք անտեսելով սեփական հոգսերն ու խնդիրները` նուիրումով իրենց գործը կը  կատարեն, որոնք արժանի են կրելու «Ուսուցիչ» վեհ կոչումը:

Ձեռնարկին աւարտին Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնի ուսուցիչներուն յանձնուեցան շնորհակալագրեր` հասարակական –դաստիարակչական գործունէութեան ծաւալման համար:

http://akhaltskha.net/

Scroll Up