ՀՀ ՍՓՅՈՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹՅՈՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է. ԼՈՒՍԱՇՈՂ ՓԱՐՈՍԸ…

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութիւն  եւ հնգամեակ…:  Բառերը երբ իրարու հետ կ՛ողջագուրուին,  լոյս աշխարհ կուգայ գնահատելի հանգրուան մը՝ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան հնգամեակը կամ հնգամեայ ճախրանքը:

Երկրագունդի  հինգ  ցամաքամասերուն մէջ ցրուած, երբեմն մոռցուած հայ համայնքները գաղութները կամ ցիրուցան բեկորները ճանչնալու,  զանոնք ոգեշնչելու ու սրտապնդելու եւ անոնց հետ զօրակցելու ձեռնարկին մէջ Սփիւռքի Նախարարութեան ջանքերը յաջողութեամբ պսակուեցան: Այս չափազանց դժուար ուղիին վրայ ան իրագործեց ներկայ ըղձալի վերելքը, կիրարկելով բազմերանգ եւ խորաթափանց ծրագիրներ:

Աշխարհի չորս ծագերուն վրայ ծաղկող, աճող հայ համայնքները կը նմանին նաւերու,  որոնք կը յառաջանան մօտաւոր եւ հեռաւոր ծովերու կամ ովկիաններու մէջ:

Դարաւոր նաւերուն քով կը տեսնենք նոր,  խոստմնալից նաւեր: Հսկայ եւ հաստատուն նաւերուն քով կը նշմարենք խարխափող, անփորձ եւ դիւրաբեկ նաւեր: Համեստ եւ անկազմակերպ նաւերուն քովն ի վեր կը սուրան փարթամ, ինքնավստահ եւ ինքնագլուխ պերճանաւեր:

Ահա՝ մերթ խաղաղ, մերթ փոթորկալից ծովերու եւ ովկիաններու մէջ անվրդով ու հաստատակամ յառաջացող այս նաւերը մեր աշխարհացրիւ հայ հաւաքականութիւններն են: Սփիւռքի Նախարարութիւնը բոլոր այս նաւերուն լուսատու փարոսն է:

Բոլոր անոնք, որ կը ճամբորդեն ցամաքային ճամբով, չեն կրնար լրիւ ըմբռնել փարոսին առաքելութիւնը եւ արժէքը: Անոնց համար սովորական կառոյց մը կամ ծովափնեայ աշտարակ մըն է ան:

Մինչդեռ մեր համայնքները, որոնք անակնկալներով լեցուն փոթորկալից ծովերու վրայ նաւարկող մէյմէկ նաւ են,  խորապէս կ՛ըմբռնեն թէ ի՞նչ է փարոսի մը գոյութիւնը իրենց ալեկոծ ուղիին վրայ:

Նաւերը« նաւապետները« նաւազները գիտեն փարոսին տեղն ու դերը իրենց նաւագնացութեան կեանքին մէջ:

Ահա՛ Սփիւռքի Նախարարութիւնը այդ փարոսին նման իր փայլատակումներով լուսատու առաջնորդն ու ուղեցոյցն է աշխարհացրիւ Սփիւռքահայութեան:

Սփիւռքի Նախարարութիւնը հայ աշխարհագրութեան եւ մշակոյթի քարտէսին վրայ փայլատակող հնգամեայ լուսաշող հրաշքն է:

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Իսթանպուլ

Scroll Up