ՀՀ Գրողներու Միութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Զէֆա-Ֆիրա Ակեանի Գիրքերու Շնորհանդէսը

Հոկտեմբեր 8-ին ՀՀ գրողներու միութեան տան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքհայ մանկագիր, երգահան, մանկավարժ, տիկնիկագործ Զէֆա-ֆիրա Ակեանի գիրքերու շնորհանդէսը, որուն ներկայ էին բանաստեղծներ, թարգմանիչներ, յայտնի մտաւորականներ, երաժիշտներ, լրագրողներ: Գրողներ Էդուարդ Միլիտօնեանն ու Արտէմ Յարութիւնեանը, երաժիշտ, երգահան «Զատիկ» մանկական  երգչախումբի ղեկավար Լիլիթ Համբարձումեան, բանասէր Յասմիկ Բաբայեան, ասմունքող Գայիանէ Սամուէլեան, բանաստեղծուհի Հռիփսիմէն թէ
դահլիճին մէջ` ձեռնարկին ընթացքին, թէ՛ ձեռնարկէն ետք իրենց հիացմունքն ու շնորհաւորական խօսքերը կ’ուղէին բազմաժանր, բազմաշնորհ հայուհիին, որ հեռաւոր Ամերիկայի մէջ կը  ստեղծագործէ անդուլ, անդադար` բազում բանաստեղծութիւններ, հեքիաթներ, երգեր պարգեւելով թէ՛ մեծերուն, թէ մանուկներու՛ն մեր սքանչելի մայրենիով:

Այդ առիթով, բարձր գնահատելով անոր հայրենանուէր աշխատանքը, ՀՀ սփիւռքի նախարարը Զէֆա-ֆիրա Ակեանին պարգեւատրեց «Մայրենիի դեսպան» մետալով: ՀՀ սփիւռքի նախարարի շնորհաւորական ուղերձը ներկայացուց եւ «Մայրենի դեսպան» մետալը մեր հայրենակցուհիին յանձնեց նախարարութեան Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան մշակութային ծրագիրներու բաժինի պետ Գրետա Մնացականեան:
Ձեռնարկին ընթացքին Զէֆա-ֆիրա Ակեանի բառերով եւ երաժշտութեամբ գրուած երգեր կատարեցին «Զատիկ» մանկական երգչախումբի սաները, իսկ ասմունքող եւ ձեռնարկին հանդիսավար Գայիանէ Սամուէլեան ընթերցեց Ակեանի սիրային բանաստեղծութիւններէն  փունջ մը:

Իր շնորհակալական խօսքին մէջ գրողը հաւաստիացուց, որ ինքը պարզապէս անկարող է ապրիլ առանց այդ հեքիաթային աշխարհին, ուր անպայման  բարին կը յաղթէ :

Scroll Up