ԱԳ Նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Հանդիպում Ունեցաւ ԵՄ Բարձր Ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթընի Հետ
Հոկտեմբեր 8-ին ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական միութեան Արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթընի հետ:
Ողջունելով Հայաստանի ԱԳ նախարարին` ԵՄ բարձր ներկայացուցիչը նշեց, որ այս հանդիպումը լաւ առիթ է միտքեր փոխանակելու Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման նպատակով ձեռնարկուելիք համատեղ քայլերու շուրջ:
Նախարար Նալպանտեան ընդգծեց, որ Հայաստանը կը ցանկայ հնարաւոր բոլոր ուղղութիւններով առաջ տանել համագործակցութիւնը Եւրոպական միութեան հետ` հիմնուելով այն համատեղ ձեռքբերումներուն եւ յառաջընթացին վրայ, որոնք վերջին տարիներուն գրանցուած են Հայաստան- Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն:
Էդուարդ Նալպանտեան ընդգծեց, որ ԵՄ հետ իր յարաբերութիւնները կառուցելուն, նաեւ Արեւելեան գործընկերութեան նախաձեռնութեան ծիրէն ներս, Հայաստանը կը ձգտի ունենալ սերտ, խորը եւ ընդլայնուած համագործակցութիւն` նկատի ունենալով, միաժամանակ, Հայաստանի շահերէն բխող մասնակցութիւնը այլ ընդելուզման գործընթացներուն:
«Հայաստանը, ԵՄ աջակցութեամբ, անցել է բարեփոխումների կարեւոր ճանապարհ: Մենք հաստատակամ ենք շարունակելու բարեփոխումների գործընթացը` ուղղուած ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքների եւ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդմանը, արդիւնաւէտ կառավարմանը, դատաիրաւական համակարգի կատարելագործմանը, կոռուպցիայի դէմ պայքարին: Այս գործընթացում մենք ակնկալում ենք ԵՄ շարունակական աջակցութիւնը»,- շեշտեց նախարար Նալպանտեան:
Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը կարեւոր նկատեց ԵՄ-Հայաստան համագործակցութիւնը շարժունակութեան բնագաւառին մէջ` ընդգծելով, որ արդէն երկու տարի է, որ ստորագրուած է Եւրոպական միութեան հետ «Շարժունակութեան շուրջ գործընկերութիւն» հռչակագիրը, իսկ անցեալ դեկտեմբերին` մուտքի արտօնագրային կարգի դիւրացման մասին համաձայնագիրը:
Էդուարդ Նալպանտեանի խօսքերով` լուրջ ներուժ կայ ոլորտային համագործակցութեան բնագաւառին մէջ, որ կը ներառէ տասնեակ ուղղութիւններ: Հայաստանի ԱԳ Նախարարը նշեց, որ անցեալ դեկտեմբերին ստորագրուած Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ Շրջանակային համաձայնագիրի արձանագրութեամբ Հայաստանին հնարաւորութիւն կ’ընձեռուի մասնակցութիւն ունենալ ԵՄ տարբեր ծրագիրներու մէջ:
Քեթրին Էշթըն նշեց, որ Եւրոպական միութիւնը կը ցանկայ շարունակել համակողմանի փոխգործակցութեան զարգացումը Հայաստանի հետ բոլոր ուղղութիւններով, որոնք համատեղելի կ’ըլլան Մաքսային միութեան անդամակցելու Հայաստանի որոշման հետ:
Հանդիպման անդրադարձան Արեւելեան գործընկերութեան Վիլնիւսի գագաթնաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն:
Եւրոպայի խորհուրդի Հայաստանի նախագահութեան ծիրէն ներս Էդուարդ Նալպանտեանն ու Քեթրին Էշթընը անդրադարձան Եւրոպայի խորհուրդի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ համագործակցութեան: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: