Ծաղկազարդի Հայ Վարպետի Ցուցադրութիւնը Ռումանիոյ Քլուժ Քաղաքին ՄԷջ

Յունիս 12-ին Ռումանիոյ Քլուժ-Նափոկա քաղաքի Արուեստի թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է յայտնի ծաղկաբոյծ, Մոսկուայի ծաղկաբուծական դպրոցի տնօրէն Արայիկ Գալստեանի «Grand World Wedding Show» ծրագիրի բացումը: Այն մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է ծաղկարուեստի մասնագէտներուն մօտ, ձեռնարկին ներկայ եղած են պաշտօնական եւ մշակութային շրջանակներու հարիւրաւոր ներկայացուցիչներ: Ցուցադրութեան ընթացքին ներկայացուած են հայ ծաղկաբոյծի աշխատանքները, ապա ռումանացի ձեւաւորողներու կողմէ ստեղծուած հագուստները, որոնց համահունչ ծաղկէ յարդարանքներ  ստեղծած էր անձամբ Արայիկ Գալստեան:

Ըստ «Արմէնփրէս»-ի` ծրագիրի աջակիցներէն էին Քլուժի Արուեստի թանգարանի տնօրէն Լուչիան Նաստաս-Քովաչը/Lucian Nastasa-Kovacs եւ TVR Cluj-ի յայտնի հեռուստալրագրող, Ռումանիոյ Հայոց միութեան Քլուժի մասնաճիւղի ղեկավար Կարէն Աթիլա Սեպէշին/Karen Sebesi, որն ալ բացած է ձեռնարկը, կատակելով, թէ հայերը ներկայ են այնտեղ, ուր ծաղիկներ ու քաղցրաւենիք կայ, յղում ընելով, որ ձեռնարկին աջակցած են նաեւ բնական հիւթեր ու ռումանական շոքոլաթ արտադրող կազմակերպութիւններ:

Ցուցադրութեան ծրագիրէն առաջ Յունիս 8-11-ին տեղի  ունեցած է նաեւ սեմինար ծաղկազարդի վերաբերեալ: Արայիկ Գալստեանի Միջազգային Հարսանեկան ծրագիրի/International Wedding Project կազմակերպիչ ու տնօրէն Իոանա Քատարը/Ioana Cadar նշած է, որ ծաղկազարդի մասնակիցներուն համար կազմակերպուող սեմինարը Ռումանիոյ մէջ նորարարական բնոյթ կը կրէ, քանի որ այն կը փոխէ ռումանացի ու եւրոպացի ֆլորիստներու մտածողութիւնն ու մօտեցումը ծաղիկներու, բնական նիւթերու ու կառուցուածքի, ատոնց համակցութիւններու վերաբերեալ: Սեմինարին մասնակցած են աւելի քան 20 ծաղկաբոյծ Ռումանիայէն, Հայաստանէն, Մոլտովայէն, Հունգարիայէն, Շուէտէն ու Սերպիայէն: Մասնակիցներուն համար վարպետութեան դասերով հանդէս  եկած են Արայիկ Գալստեան եւ ձեւաւորող Ռուսլան Վալիեւը:

 

Scroll Up