Թուրք Դատաւորին Դէմ Հետաքննութիւն Սկսած Է Հայ Գրողին Հետ Լուսանկարուելուն Ու Մեկնաբանութեան Համար
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/06/grogh-620x300.jpg)
Թրքական «Hürriyet» թերթի կայքի տեղեկացմամբ` Թուրքիոյ դատաւորներու եւ դատախազներու գերագոյն խորհուրդը հետաքննութիւն սկսած է Սթամպուլի վերաքննիչ դատարանի անդամ, դատաւոր Քեմալ Շահինի դէմ` կը յայտնէ Ermenihaber- ը:
Հետաքննութեան ծիրէն ներս ներկայացուած ապացոյցներու շարքին մէջ տեղ գտած են Շահինի եւ իր 2 դուստրերու` հայ գրող Մկրտիչ Մարկոսեանի հետ Սթամպուլի գիրքերու տօնավաճառին մէջ առնուած լուսանկար մը, ինչպէս նաեւ` Ճիզրէյի եւ Սուրի մէջ քաղաքացիական անձանց սպանութիւնները դատապարող, պետութեան եւ իրաւական համակարգին ուղղուած քննադատութիւններ պարունակող հրապարակումներ:
Հրապարակելով հայ գրողին հետ իր եւ դուստրերու լուսանկարը` թուրք դատաւորը հետեւեալ մեկնաբանութիւնը ըրած էր. «Իմ դուստրերու` Եարենի եւ Տիլանի հետ ներողութիւն խնդրեցինք վարպետ Մկրտիչ Մարկոսեանէն` այն ժողովուրդի զաւկէն, որուն «կեաւուրներու թաղամասէն» դուք այս ու այն կողմ սփռեցիք` ինչպէս թզբեհի հատիկներ»: