ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է

Յարգելի´ տիկին Յակոբեան,

Կը շնորհաւորեմ Սփիւռքի նախարարութեան 5-ամեայ յոբելեանի առիթով:
Հայաստանէն դուրս բնակող միլիոնաւոր հայերու համար այն եզակի կառոյց է:

Արժէքաւոր են նախարարութեան մտահոգութիւնները, հոգատարութիւնը, մարտահրաւէրներն ու ներդրումները սփիւռքահայերու նկատմամբ: Յատկապէս բարձր կը գնահատեմ 2011թ. Ձեր այցը Ճեֆերսըն տարրական դպրոց: Այդ այցի ժամանակ մեր աշակերտներն ու ծնողները զգացին կապը եւ ակնյայտ գործակցութիւնը Հայաստանի հետ:

Լաւագոյն մաղթանքներս Ձեզ եւ նախարարութեան ողջ աշխատակազմին: Կը մաղթեմ, որ  ա´լ աւելի ուժեղանաք, որպէսզի կարենաք օգնել աշխարհասփիւռ հայութեան:

Յարգանքներով`

Նայիրի Նահապետեան

Կլէնտէյլ քաղաքի Կրթական խորհուրդի նախագահ

 

Scroll Up