Չեխիոյ Նախագահ Զեման Կոչ Կ’ընէ Կառավարութեան Ու Խորհրդարանին Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեման մտադիր է երկրի կառավարութեան ու խորհրդարանին կոչ ընել` հետեւելու գերմանական օրինակին եւ պաշտօնապէս ճանչնալու 1915-1918 թթ. թուրքերու կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ եւրոպական անկախ «Օրեր» ամսագիրի խմբագրութիւնը, Զեման նշած է չեխական «Փառլամենթի լիսթի» առցանց թերթին տուած հարցազրոյցին:
«Ես իմ տեսակէտս յայտնած եմ դեռեւս 2014 թուականին, երբ իմ հրաւէրով Փրակ կը գտնուէր Հայաստանի նախագահը, նշած եմ, որ 1915 թուականի կոտորածները ցեղասպանութիւն է: Ու քանի որ միւս շաբաթ ﬕասին պիտի ﬔկնինք Հայաստան, ատիկա ես կը կրկնեմ»,- ըսած է ան:
«Բայց պէտք է նաեւ յաջորդ քայլը ընել, եւ ես պէտք է Հայաստանէն վերադառնալէս ետք դիﬔմ Չեխիոյ կառավարութեան, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին` կոչ ընելով հետեւելու Գերմանիոյ Պունտեսթակի օրինակին: Բայց ոչ ﬕայն Գերմանիոյ կամ ﬕայն Ֆրանսայի օրինակին, ուր ցեղասպանութեան ճանաչումը նոյնիսկ օրէնքով ամրագրած են, այլեւ Ռուսաստանի, Լեհաստանի, Սլովաքիոյ, Իտալիոյ եւ այլ պետութիւններու, որովհետեւ կը կարծեմ, որ այս բնագաւառին մէջ ﬔնք ետ կը մնանք»,-ըսած է նախագահ Զեման` նշելով նաեւ, որ այդ մասին պիտի խօսի ԱԳ նախարար Լիւպոﬕր Զաորալեկի հետ Հայաստանէն վերադառնալէն ետք: