Տէր Զօրի Մէջ Նահատակուեցաւ Բանակի Հալէպահայ Զինուորական Ծառայող Ճորճ Ասսալ

«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ Հալէպի Շտապ օգնութեան աղբիւրները հաստատեցին, որ Տէր Զօրի մէջ նահատակուած է հալէպահայ զինուորական ծառայող Ճորճ Ասսալ: Ասսալ 1992-ի ծնունդ է: Ան շրջանաւարտ է Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն: Ասսալ չորս տարիէ ի վեր կը ծառայէր սուրիական բանակին: