Հիանալի Քննարկում Ունեցանք ՀՀ ԱԳ Նախարարին Հետ. Ուորլիք

Հայաստանի ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի հետ հիանալի քննարկում տեղի ունեցած է Վիեննայի գագաթնաժողովի որոշումներու իրականացման հարցին շուրջ: Այդ մասին  յայտարարած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքը:

«Հիանալի քննարկում ունեցանք Հայաստանի ԱԳ նախարարին հետ Վիեննայի գագաթնաժողովի որոշումներու իրականացման հարցի, ներառեալ ԵԱՀԿ-ի հետաքննական մեքենականութիւններու ստեղծման առաջարկին շուրջ»,- Twitter-ի իր էջին վրայ գրած է Ուորլիք:

Նախօրօք NEWS.am-ը յայտնած էր, որ Յունիս 2-ին աշխատանքային այցելութեամբ Փարիզ գտնուող ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան հանդիպում  ունեցած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ճէյմս Ուորլիքի, Փիեռ Անտրեոյի եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասփշիկի հետ:

ԱԳՆ-էն յայտնած էին, որ հանդիպման քննարկուած են զինադադարի խախտումներու հետաքննութեան մեքենականութեան ստեղծման եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի կազմի կարողութիւններու ընդլայնման վերաբերեալ համանախագահներու առաջարկներու մանրամասները:

Կարեւոր համարուած է Մայիս 16-ին Վիեննայի գագաթնաժողովին ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործումը` հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման յանձնառութիւնը, 1994-1995թթ. զինադադարի վերաբերեալ համաձայնագիրներու անշեղ իրականացումը, հակամարտութեան գօտիին մէջ առաւել արդիւնաւէտ հսկողութեան  իրականացման եւ հետաքննութեան մեքենականութեան ձեւաւորման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը, որոնք անհրաժեշտ պայմաններ կը ստեղծեն բանակցային գործընթացքը վերսկսելու համար»:

Scroll Up