Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն
Յունիս 2-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանջեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութիւն Ներսիսեան, մամուլի եւ հրատարակչական բաժինի վարիչ Անդրանիկ Մարտոյեան:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ողջունելով հիւրերը, արժեւորեց Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հայանպաստ գործունէութիւնը, նշեց վերջին տարիներուն իրականացուցած գնահատելի աշխատանքը:
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ այս օրերուն հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած խնդիրներուն` Արցախեան պայքարին, սուրիահայերու հիմնախնդիրին, քննարկուեցան եւ նախանշուեցան ընելիքները:
Զաւէն Խանջեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար, շեշտեց, որ Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը սուրիահայութեան աջակցութեան ծրագիրներու ծիրէն ներս յայտարարած է, որ «Միակը Հայաստանն է» կարգախօսով կ’աջակցին այն սուրիահայերուն, որոնք ցանկութիւն կը յայտնեն Հայաստան մեկնելու»:
Զաւէն Խանջեան ծնած է Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ, մեծցած Էմանուէլ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ազդեցութեան ներքոյ եւ եղած վերջինիս երիտասարդական խումբի աշխոյժ անդամ:
Հալէպի քոլեջը աւարտելէ յետոյ Խանջեան յաճախած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան` 1967 թուականին ստանալով պաքալաւրի աստիճան գործարարութեան կառավարման ոլորտին մէջ: Ուսումը աւարտելէ յետոյ տեղափոխուած է Պարսից ծոցի երկիրներ, ուր 13 տարի շարունակ աշխատած է իր մասնագիտութեամբ` հեղինակաւոր ընկերութիւններու մէջ զբաղեցնելով լաւագոյն պաշտօններ:
1979 թուականին Խանջեաններու ընտանիքը տեղափոխուած է Քալիֆորնիա: Մասնագիտութեամբ քանի մը տարի աշխատելէ յետոյ 1987 թուականին հիմնած է «Խանջեան» անշարժ գոյքի գործակալութիւնը Կլենտէյլի մէջ:
Տարիներ շարունակ եղած է Լոս Անճելըսի հայկական համայնքի անդամ եւ օգտագործած է կառավարչական հմտութիւնները «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ, Հիւսիսային Ամերիկայի Աւետարանչական միութիւն, Մերտինեան Հայ Աւետարանական դպրոց, Միացեալ հայկական ժողովական եկեղեցի, Պէյրութի Հայկազեան համալսարան, Ամերիկացիները յանուն Արցախի կազմակերպութիւններուն մէջ:
Վերջին տարիներուն նախագահած է Սուրիոյ Հայ օգնութեան հիմնադրամը` հասոյթը հասցնելով մինչեւ 1 մլն տոլարի:
Խանջեան նպաստած է ամերիկա-հայկական ԶԼՄ-ներու մէջ երկլեզու յօդուածներու ծաւալներու մեծացման: Երեք հայալեզու գիրքերու հեղինակ է: