Սահմանի Վրայ Իրավիճակը Վերջին Երկու Տարուայ Ընթացքին Ամենահանգիստն է. Դաւիթ Բաբայեան

Վերջին երկու տարուան ընթացքին՝ այս օրերուն սահմանի վրայ իրավիճակը անհամեմատելիօրէն հանգիստ է: Այս մասին լրագրողներու հետ ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանը:

«Իրավիճակը սահմանին նորմալ է, ի հարկէ, ամէն ինչ համեմատութեան մէջ է: Եթէ մենք փորձենք համեմատել քառօրեայ պատերազմի օրերի հետ, անհամեմատելի է, քանի որ այն եղել է լայնածաւալ պատերազմ: 2014 թուականից սկսած` իրավիճակը շատ աւելի հանգիստ է այսօր»,- ըսած է Դաւիթ Բաբայեանը:

Ան նկատած է, որ կրակոցներ, զինադադարի խախտումներ կ՝արձանագրուին, բայց անոնք քանակական ու որակական առումով անհամեմատելի են այն իրավիճակին հետ, որ առկայ եղած է վերջի երկու տարուան ընթացքին:

Scroll Up