Հայոց Ցեղասպանութիւնը Կը Վերաբերի Բոլոր Ազգերուն. «Ով Սպաննեց Հայերը» Շարժանկարի Եգիպտացի Արտադրող

Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմութեան կարեւորագոյն մասերէն է, որ ոչ միայն հայերուն կը վերաբերի, այլեւ բոլոր ազգերուն: Այս մասին NEWS.am-ի թղթակիցին ըսած է Ցեղասպանութեան նուիրուած «Ո՞վ սպաննեց հայերը» վաւերագրական ֆիլմի արտադրող, եգիպտացի Միրիամ Զաքին, որ այսօր Երեւանի մէջ Սերժ Սարգսեանի կողմէ մրցանակ ստացաւ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ նշանակալի աւանդ ունենալուն համար:
«Շատ կարեւոր էր արաբ հանդիսատեսին բացատրել, թէ ինչ է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այսօր վստահաբար կրնամ ըսել, որ բոլոր եգիպտացիները գիտեն Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ այսօր այլ բարեկամութիւն է երկու ազգերու միջեւ»,- ըսած է Զաքին:
Եգիպտացի արտադրողը համոզուած է, որ Ցեղասպանութիւնը կը վերաբերի բոլոր ազգերուն. «Երբ կը նայիս 1915թ. խաղցողներուն, անոնք այսօր ալ կան` 2015թ.-ին, 2016թ.-ին, մենք անոնց դեռ կը տեսնենք, անոնք նոյն եզրոյթները կ’օգտագործեն, նոյն մարտավարութիւն: Ժամանակն է արթննալու: Կը կարծեմ` եթէ հայերը այսքան երկար տարիներ չլռէին, այլ իրավիճակ կ’ըլլար այսօր»:
Յիշեցնենք, որ «Ով սպաննեց հայերը» ֆիլմը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ առաջին արաբերէն փաստագրական ֆիլմն է:
Ֆիլմի արտադրողներն են Մուհամմատ Խանաֆին եւ Մարիամ Զաքին: Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած են 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան վերաբերեալ լուսանկարներ եւ արխիւային նիւթեր: Նկարահանումները իրականացուած են Հայաստանի, Եգիպտոսի եւ Լիբանանի մէջ: Ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը կայացած է 2015թ. Նոյեմբեր 8-ին: