Տեղի Կ’ունենայ Իտալիոյ 3 Քաղաքներու Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Փաստաթուղթի Յանձնումը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/05/11110.jpg)
Մայիս 26-ին, ժամը 15:40-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի կ’ունենայ Իտալիոյ 3 քաղաքներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման փաստաթուղթի յանձնումը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին: Փաստաթուղը թանգարանի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեանին կը յանձնէ Իտալիոյ հայոց միութեան ղեկավար, փրոֆէսոր Պայքար Սվազլեան:
Ապրիլ 3-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը միաձայն ճանչցած է իտալական Չիւիթա Գասթելլանա քաղաքի (Civita Castellana), Մայիս 16-ին` Գանոզա քաղաքի (Canosa) եւ Ապրիլ 7-ին Իտալիոյ Միրանօ նահանգի Մոնաթէ քաղաքի քաղաքային խորհուրդը: Իտալիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւ հայ ժողովուրդին իրենց համերաշխութիւնը յայտնած է տեղական իշխանութիւններու նահանգային եւ քաղաքային 107 խորհուրդ:
Ապրիլ 7-ին Իտալիոյ Միրանօ նահանգի Մոնաթէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ժամանակ Մոնաթէի քաղաքապետը Իտալիոյ հայոց միութեան ղեկավար, փրոֆէսոր Պայքար Սվազլեանին յանձնած է քաղաքապետարանի` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը վկայող պաշտօնական փաստաթուղթը: