Տեղի Պիտի Ունենայ Էդուարդ եւ Ամալեայ Վարդանեաններու Գեղանկարներու Ցուցահանդէսը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/05/Edward_Vardanayn_ts1323253038.jpg)
Յունիս 3-ին` ժամը 16:00-ին, Հայաստանի նկարիչներու միութեան դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ Էդիկ եւ Ամալեայ Վարդանեաններու ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսի բացումը:
Ինչպէս կը յայտնէ «Հայերն այսօրը», ցուցահանդէսի աջակիցներն են Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը, Հայ կանանց միջազգային միութիւնը, Հայաստանի գեղարուեստի ակադեմիան, Հայաստանի նկարիչներու միութիւնը եւ Արտ-Կովկաս տարածաշրջանային ընկերակցութիւնը (ArtCaucasus):
Էդիկ Վարդանեան Հայաստանի ամէնէն ինքնատիպ եւ վառ գեղանկարիչներէն է:
70-ամեայ յոբելեանին առիթով նկարիչը կը ներկայացնէ իր ստեղծագործունէութիւնը, որ անկրկնելի է եւ ճանաչելի: