Տեղի Ունեցաւ Հեռաժողով Ռուսաստանի Փերմի Մարզի Հայկական Մշակոյթի Կեդրոնի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Մայիս 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ  հեռաժողով Փերմի հայկական մշակոյթի կեդրոնի ներկայացուցիչներուն հետ, որուն մասնակցեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

 Հեռաժողովին Փերմի մարզէն կապ հաստատեցին Հայկական մշակոյթի կեդրոնի նախագահ Վաղարշակ Սարգսեան, հասարակական հարցերով տեղակալ Արմէն Գարսլեան, ընդհանուր հարցերով տեղակալ Արթուր Գուլեան, Փերմի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ աւագ հայր Կարէն Պապեան, համայնքի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հայկական դպրոցի տնօրէն Ժասմէնա Հայրապետեան, մշակութային կեդրոնի անդամներ, հիւրեր:

 ՀՀ սփիւռքի նախարարը ողջունեց հեռաժողովի մասնակիցները եւ նշեց, որ ողջ հայութեան հիմնական խնդիրը Արցախի եւ Հայաստանի սահմանի անվտանգութիւնն է: «Հայկական բանակում տիրում է մարտական բարձր ոգին, մեր բանակը ցանկացած պահի պատրաստ է հետ շպրտել թշնամու յարձակումները: Փերմի մարզի հայ համայնքը նոյնպէս աչքի ընկաւ հայրենանուէր գործով` օգնութիւն տրամադրելով Արցախին», – ընդգծեց ան:

 Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ Փերմի հայ համայնքը միշտ ալ աչքի  ինկած է իր կազմակերպուածութեամբ, հայապահպանութեան ուղղուած ձեռնարկներով: «Համայնքն ակտիւ մասնակցում է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմից իրականացուող բոլոր ծրագրերին: Այնպէս, որ ասելիք, այդ առումով, չկայ, – ըսաւ նախարարը` աւելցնելով, – միակ խնդրանքս է բոլոր ջանքերն ուղղել մայրենիի պահպանութեանը: Օրուայ մէջ մեր տներում, հայկական մշակութային օճախներում գոնէ մէկ ժամ խօսենք հայերէն», – ըսաւ ան:

 ՀՀ սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Փերմի հայ համայնքին 2015թ. Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական ձեռնարկներու աշխատանքներուն  աշխոյժ ներգրաւուելուն եւ համայնքէն ներս ձեռնարկներ իրականացնելուն համար: Այնուհետեւ կոչ ըրաւ այս տարի Հայաստանի Հանրապետութեան 25-ամեայ յոբելեանին առթիւ ձեռնարկներ կազմակերպել:

 Գերատեսչութեան ղեկավարը յորդորեց Փերմի հայ համայնքի գործարարներուն ներդրումներ կատարել հայրենիքի մէջ եւ միաժամանակ շահոյթ ստանալով` օգտակար դառնալ հայրենի երկրի շէնացման գործին:

 Փերմէն ելոյթ ունեցաւ մարզի Հայկական մշակոյթի կեդրոնի նախագահ Վաղարշակ Սարգսեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարութեան` հեռաժողովը կազմակերպելուն համար եւ նշեց. «Այս տարի մենք աւելի մեծ ջանքեր պիտի գործադրենք Արցախին օգնելու համար: Իսկապէս առտուն կ’արթննանք  վախով, թէ ինչ վիճակ  եղած է գիշերը սահմանին, զոհ ունի՞նք, թէ՞ ոչ: Կը տեսնենք, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը աշխոյժ աշխատանքներ կ’իրականացնէ Սփիւռքին կողմէ ստացուած օգնութիւնը համակարգուած Արցախ հասցնելու ուղղութեամբ: Մենք պատրաստ ենք ընդգրկուելու Հայաստանը հզօրացնելուն ուղղուած ծրագիրներուն, այդ առումով, ի հարկէ, պիտի քննարկենք հայրենիքի մէջ հնարաւոր ներդրումներ կատարելու եւ գործ ստեղծելու մեր քայլերը»:

 Վաղարշակ Սարգսեան ընդգծեց, որ Փերմի երկրամասին մէջ ոչ պաշտօնական տուեալներով կ’ապրի շուրջ 45 հազար հայ, Հայկական մշակութային կեդրոնը ստեղծուած է 2000 թուականին: 2001թ. հիմնադրուած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հայկական կիրակնօրեայ դպրոցը, ուր կը յաճախէ  120 աշակերտ: Համայնքէն ներս կը գործէ երգի-պարի համոյթ, լոյս կը տեսնէ «Նոյեան Տապան» թերթը: 2008թ. կազմաւորուած է Փերմի հայ երիտասարդական միութիւնը, որ գործունէութիւն  կը ծաւալէ երկրամասի թէ՛ հայ, թէ՛ այլազգի բնակչութեան շրջանին մէջ` ներկայացնելով հայկական մշակոյթն ու ազգային աւանոյթները:

 Քննարկուեցան Փերմի հայ համայնքի գործունէութեան, խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներուն համայնքի ներգրաւուածութեան վերաբերող հարցեր:

2

Scroll Up