Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ԱԳ Նախարարները Քննարկած են ԼՂ Խնդիրը

Հայաստանի արտաքին գործող նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Փարիզի մէջ քննարկած է Արցախի հիմնախնդիրը Ֆրանսայի իր պաշտօնակից Ժան-Մարք Էյրոյի հետ:
«էդուարդ Նալպանտեանը գործընկերոջը ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի յարձակողական գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը, կարեւորած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներուն հետ միասին հետեւողական ջանքերը` ապրիլի սկիզբը տեղի ունեցածը բացառելու եւ հիմնախնդիրը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով հանգուցալուծելու ուղղութեամբ:
«Զրուցակիցները համակարծիք էին, որ ուժի կիրառումը անընդունելի է, եւ բանակցային ճանապարհով կարգաւորումը այլընտրանք չունի: Անոնք ընդգծեցին ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ 1994-1995 թուականներու զինադադարի հաստատման եւ ատոր ամրապնդման մասին եռակողմ անժամկէտ համաձայնագիրներու կարեւորութիւնը եւ անոնց լիակատար իրականացման անհրաժեշտութիւնը: Այս ծիրէն ներս երկուստէք ընդգծուեցաւ հրադադարի խախտումներու եւ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծման եւ հակամարտութեան գօտիին մէջ ԵԱՀԿ Գործող նախագահի Անձնական ներկայացուցիչի կազմի կարողութիւններու ընդլայնման հրատապութիւնը», – ըսուած է ՀՀ ԱԳՆ հաղորդագրութեան մէջ:
էդուարդ Նալպանտեան վերահաստատած է, որ երբ համապատասխան պայմաններ ստեղծուին, Հայաստանը պիտի շարունակէ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներուն հետ համատեղ աշխատանքը` ուղղուած հիմնախնդրի` բանակցութիւններու միջոցով հանգուցալուծման: