Յուզուած Գացի Արցախ, Բայց Առաւել Զօրացած Վերադարձայ. Թեհրանի Հայոց թեմի Առաջնորդ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/05/Թեհրանի-Հայոց-թեմի-առաջնորդ.jpg)
Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանը օրերս Արցախ այցելած էր: “Հայերն այսօր”-ի հետ զրոյցին Սրբազան հայրը կիսուեցաւ իր տպաւորութիւններով.
“Արցախ անունը արդէն ներշնչող ու պատուական է, իսկ այդ երկիր այցելելը տարբեր հոգեվիճակներ կ’արթնցնէ մարդոց մէջ: Այս օրերուն` քառօրեայ պատերազմէն ետք երթալ եւ շփուիլ Ղարաբաղի մեր ժողովուրդի, յատկապէս մեր սահմանները պահպանող քաջարի Պաշտպանութեան բանակի մարտիկներուն հետ` ինծի համար կեանքիս ամենամեծ վայելքն էր: Եւ հպարտութիւնը, երբ սեղմեցի մեր զինուորներուն, հրամանատարներու ձեռքը, համբուրեցի ճակատները եւ աղօթեցի, Աստուած անոնց զէնքէն արձակուած փամփուշտը իրենց նպատակներէն չշեղէ: Այս խօսքերէն անմիջապէս ետք ըսի, որ մենք չար չենք, մենք չենք ուզեր որեւէ մէկը սպանել կամ կեանքէն զրկել, բայց ոեւէ մէկուն թոյլ չենք տար, որ մեզ զրկէ մեր իրաւունքէն, մեր հայրենիքէն:
Շատ մեծ տպաւորութեամբ վերադարձայ Արցախէն: Յուզուած գացի, բայց առաւել զօրացած վերադարձայ` ի տես եւ ի լուր այն ամէնի, ինչ վկայեցին մեր զինուորները: Անոնք ինծի ըսին. “եթէ թշնամին համարձակի դարձեալ մեր վրայ յարձակիլ, մենք այլեւս միայն Աստծուն պիտի լսենք եւ շարունակենք մեր երթը, մինչեւ որ տեսնենք, թէ ան ուր կը հացնէ մեզ”:
Իսկապէս, մեծ ուրախութիւն, մեծ պատիւ էր ինծի համար Արցախ այցելելը եւ Աստուծոյ փառք կու տամ, որ առիթը ընձեռեց ինծի: Հնարաւորութիւն ունեցայ զգալու արցախցիներու ոգին: Անոնք իրենց հողէն կը ներշնչուին, ուժ կը ստանան այնպէս, ինչպէս Արշակ Երկրորդը, երբ Տիզբոնի մէջ հայկական հողի վրայ առիւծի կը վերածուէր, իսկ պարսկական հողի վրայ` տկար անձի:
Արցախցին, որ իր հողի վրայ է, որեւէ մէկէն աւելի զօրաւոր է: Յատկապէս երբ տեսաւ, որ ինքը միայնակ չէ: Այո, այսօր Արցախի բնակչութիւնը 150-160 հազար է, բայց 10 միլիոն ժողովուրդ կայ իր թիկունքին: Ասիկա մեծ զօրութիւն կու տայ անոնց:
Մաղթանքս է, որ մեր յաջորդ յաղթանակը եւ տօնակատարութիւնը կատարենք Գետաշէնի, Շահումեանի ու Արծուաշէնի մէջ”: