Ջաւախահայութիւնը Արցախին Նոր Օժանդակութիւն Ուղարկած Է. Կը Ներկայացնէ «Հայարտուն» Կեդրոնի Ղեկավարը

Երբ Ատրպէյճանի կողմէ հայ ժողովուրդի դէմ սկսան լայնածաւալ յարձակումները, մենք առաջին իսկ օրէն որոշեցինք մեր ներդրումը բերել Արցախի սահմանը կեանքի գինով պահող մեր անձնազոհ զինուորներուն:
Այս մասին «Արցախփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսած է վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի ղեկավար Լեւոն Չիդիլեան:
«Այս անգամ եկած ենք այլ ծրագիրով. զինուորներուն համար բերած ենք այնպիսի օգնութիւն, որուն կարիքը անոնք ունին: Իսկ Ջաւախքի Ծալկայի շրջանի հայկական գիւղերու դպրոցականները 6644 ամերիկեան տոլար գումար հաւաքած են եւ փոխանցած ԼՂՀ կառավարութեան կողմէ բացուած յատուկ հաշուեհամարին,- ըսած է Լ. Չիդիլեան եւ աւելցուցած,- կը կարծեմ` երեխաներու հանգանակած գումարը մեծ ոգեւորութիւն կ’առաջացնէ հայութեան լայն շրջանակներուն մօտ:
Լ. Չիդիլեանի հաւաստմամբ` նման օժանդակութիւնները պիտի ըլլան շարունակական, աւելի լայնածաւալ ու մեծ ընդգրկումներով: