Կրտսեր Քսանապետ Ռոբերտ Աբաջեանին Յետմահու Շնորհուած Է «Արցախի Հերոս» Կոչումը
Յաղթանակի տօնի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման օրուան կապակցութեամբ Նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է շարք մը հրամանագիրներ պարգեւատրելու մասին:
Այս մասին կը յայտնէ ԱՀ Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:
2016 թուականի Ապրիլ 2-5 ինկած ժամանակահատուածին հակառակորդի սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելուն ցուցաբերած բացառիկ քաջութեան ու արիութեան համար պաշտպանութեան բանակի կրտսեր քսանապետ Ռոբերտ Աբաջեանին յետմահու շնորհուած է «Արցախի հերոս» Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բարձրագոյն կոչումը եւ «Ոսկէ արծիւ» շքանշան:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելուն եւ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ցուցաբերած արիութեան եւ խիզախութեան համար «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանով պարգեւատրուած է 1 հոգի, «Արիութեան համար» մետալով պարգեւատրուած է 44 հոգի, որմէ 4-ը` յետմահու, «Մարտական ծառայութիւն» մետալով պարգեւատրուած է 241 հոգի, որմէ 11-ը` յետմահու:
Շուշի քաղաքի ազատագրման համար մղուած մարտերուն ցուցաբերած անձնական խիզախութեան համար «Շուշիի ազատագրման համար» մետալով պարգեւատրուած է 16 հոգի, որմէ 2-ը` յետմահու:
ԼՂՀ մատուցած ծառայութիւններուն համար մէկ ազատամարտիկ պարգեւատրուած է «Երախտագիտութիւն» մետալով: