«Եւրոտեսիլ»-ի ՄԷջ Թոյլատրուած Է Ծածանիլ Արցախի Դրօշը

Եւրոպական հեռարձակողներու միութիւնը ֆէյսպուքեան էջին վրայ յայտարարութիւն հրապարակած է, որուն համաձայն` փոփոխութեան ենթարկուած է «Եւրոտեսիլ» երգի մրցոյթի դրօշներու քաղաքականութիւնը, կը յայտնէ Tert.am-ը:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ մրցոյթի կազմակերպիչները մասնակից  շարք մը պատուիրակութիւններու հետ կառուցողական զրոյցներէ ետք  համաձայնած են մեղմացնել տարածաշրջանային, տեղական եւ ազգային դրօշներու քաղաքականութեան նկատմամբ խստութիւնը:

Եւրոպական հեռարձակողներու միութիւնը առաջարկած է նաեւ հանդուրժողականութիւն ցուցաբերել  այլ դրօշներու նկատմամբ, քանի որ հանդիսատեսը կը յարգէ «Եւրոտեսիլ» երգի մրցոյթի ոչ քաղաքական բնոյթը:

Նախապէս տեղեկութիւն  տարածուած էր, որ «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթի այս տարուան դրօշներու քաղաքականութեան համաձայն Արցախի դրօշը արգիլուած դրօշներու ցանկին մէջ էր: Աւելի ուշ Եւրոպական հեռարձակողներու միութիւնը ներողութիւն  խնդրած էր բոլոր անոնցմէ, որոնց վիրաւորած էր «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթի ընթացքին արգիլուած դրօշներու ցանկի հրապարակումը: Յայտարարութեան մէջ նշուած էր, որ հրապարակուած է միայն դրօշներու վերաբերեալ փաստաթուղթի նախագիծը, որ հրապարակման ենթակայ չէր:

Scroll Up