Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Թեհրանի Թեմի Առաջնորդը

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 5-ին ընդունած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արքեպիսկոպոս Սարգսեանը:

Հանդիպման, որուն կը մասնակցէր Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, քննարկուած են պետութիւն-եկեղեցի կապերուն, Ապրիլ 2-5 Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններուն եւ ատոնց հետեւանքներուն վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Հայ Առաքելական եկեղեցին մեծ ներդրում ունի Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ ընդլայնման գործին ու երախտագիտութիւն յայտնած Սեպուհ արքեպիսկոպոս Սարգսեանին Արցախին մշտապէս սատարելու համար:

 

Scroll Up