Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն Նուիրուած Խաչերու Օծում Նոր Ջուղայի Մէջ

Մայիս 4-ին, ժամը 19:00-ին Նոր Ջուղայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ Սպահանի Հայոց Թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանի նախագահութեամբ եւ թեմի հոգեւորականաց ու դպրաց դասերու մասնակցութեամբ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն նուիրուած խաչերու օծում: Եկեղեցւոյ մէջ ներկայ էր հաւատացեալներու բազմութիւն: Շարականի եւ այլ երգեցողութիւնները կատարեց Ս.Ա. Վանքի «Կոմիտաս» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ խմբավար Արմէն Ամիրխանեանի: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Սպահանի Առաջնորդարանէն:

Արարողութեան ընթացքին Սրբազան Հօր ձեռամբ սրբալոյս Միւռոնով օծուեցան եկեղեցւոյ դասի կեդրոնին դրուած խաչերը: Սոյն խաչերը ի տես ժողովուրդին  ներկայացուցին նուիրատուները, որոնք հոգացած էին ատոնց պատրաստման ծախսը: Օծուած խաչերը պիտի տեղադրուին Նոր Ջուղայի եկեղեցիներուն մէջ:

Օծումէն ետք  գերշ. Սրբազան Հայրը իր քարոզի ընթացքին անդրադառնալով Քրիստոսի բերած լոյսի ու բացած յաղթական ճանապարհին մասին, 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք  իր երկիրը, հողը, տունն ու կայքը կորսնցուցած հայ ժողովուրդի գոյատեւման երաշխիքը համարեց նոյն այդ Խաչի եւ Խաչեալի ճանապարհով քալելը, որ կ’առաջնորդուի ո՛չ թէ կործանումի, այլ` յաղթական յարութեան: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օծուած խաչերը սուրբ նահատակներու խորհրդանշական ներկայութիւնը համարեց, որոնք պիտի զարդարեն մեր եկեղեցիներու խորանները:

Թեմակալ առաջնորդը իր խօսքի աւարտին գնահատանքի խօսք ըսաւ խաչերու պատրաստման համար նուիրատուութիւն կատարած անհատներուն, ապա միասնական «Տէրունական աղօթք»-ով աւարտեց արարողութիւնը:

ՍպահանՍպահան1 Սպահան3Սպահան4 Սպահան5Սպահան6 Սպահան7Սպահան8 Սպահան9Սպահան10 Սպահան11 ց

Scroll Up