Մեծ Ծաւալի Տարբեր Ապրանքատեսակներ Ներկրուած Են Արցախ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/05/ԼՂՀ-կառավարություն.jpg)
Սոյն թուականի Ապրիլ 4-էն ի վեր կառավարութեան մէջ ձեւաւորուած անձնակազմի մը միջոցով նիւթական աջակցութիւն կը հաւաքագրուի հիմնականին մէջ ռազմական գործողութիւններէն տուժած քաղաքացիներուն եւ Պաշտպանութեան բանակին աջակցելու համար: Ապրիլ 29-ի տուեալներով` աջակցութեան նպատակով մեծ ծաւալի տարբեր ապրանքատեսակներ ներկրուած են Արցախ, որոնց միայն մէկ մասը գործող անձնակազմին միջոցով փոխանցուած է հասցէատէրերուն:
Անձնակազմին կողմէ պահեստաւորուած ապրանքները դասակարգուած են ըստ խումբերու եւ տրամադրուած Պաշտպանութեան բանակին, սահմանամերձ համայնքներէն տեղահանուած բնակչութեան, հիւանդանոցներուն ու ռազմական հիւանդանոցներուն եւ սահման մեկնած կամաւորներու ընտանիքներուն:
Անձնակազմի կեդրոնի պահեստներէն արդէն դուրս եկած է ստացած աջակցութեան հիմնական մասը, մասնաւորապէս` 3,020 տուփ, 9,228 արկղ եւ 140,2 թոն սնունդ, աւելի քան 153,917 շիշ ըմպելիք, մօտ 104,680 տուփ եւ 197 արկղ ծխախոտ, 4,960 անկողնային պարագաներ եւ այլն:
ԼՂՀ կառավարութիւն