Ոճրագործներ Կը Քանդեն Արիզոնայի Ս. Աբգար Եկեղեցւոյ Խաչքարը

«12 Նիուզ».- Արիզոնայի Սքաթստէյլ քաղաքի Ս. Աբգար Հայց. եկեղեցւոյ մէջ կառուցուող խաչքարը Շաբաթ, Ապրիլ 28ին քանդուած է անյայտ ոճրագործներու կողմէ։
Եկեղեցւոյ ճարտարապետը յայտնած է, թէ տեղի ունեցածը հայութիւնը դիտումնաւոր կերպով թիրախ դարձնող արարք մըն էր, յատկապէս որովհետեւ անիկա տեղի ունեցած է Ապրիլ 24ի շաբթուան ընթացքին։
Սքաթստէյլ քաղաքի ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն բացած է՝ բացայայտելու համար ոճրագործները։