Քոլորատոյի Հայութիւնը Լուսարձակի Տակ Առաւ Ցեղասպանութիւնն Ու Արցախը
Ապրիլ 22ին, Քոլորատոյի հայութեան ներկայացուցիչներ հաւաքուեցան նահանգային խորհրդարան, Հայ Դատը ջատագովելու եւ լուսարձակի տակ առնելու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու Արցախի վրայ ատրպէյճանական վերջին յարձակումները։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնած այս միջոցառման մասնակիցները նախ ունկնդրեցին Հայ Դատի օրէնսդրական հարցերու գլխաւոր խորհրդական Հայկ Պաղտասարեանի եւ համայնքային զարգացման հարցերու համակարգող Սիմոն Մաղաքեանի ցուցմունքները, որոնցմէ ետք հանդիպումներու շարք մը ունեցան նահանգային խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի անդամներուն հետ։ Անոնք օրէնսդիրներուն հետ քննեցին շարք մը հարցեր, ներառեալ՝ Արցախի վրայ ատրպէյճանական վերջին յարձակումները եւ պատերազմական ոճիրները, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման կարեւորութիւնը։
Նոյն օրը, թէ՛ Քոլորատոյի նահանգային խորհրդարանը եւ թէ Ծերակոյտը քննեցին եւ վաւերացուցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը ոգեկոչող միացեալ թիւ 37 բանաձեւը։
Այս բանաձեւին կարեւորութիւնը շեշտելու նպատակով ելոյթ ունեցող օրէնսդիրներուն շարքին էին Տոմինիք Մորենօ, Փօլ Ռոզընթալ, Տանէիա Էսկար, Թիմ Տոր, Քոլ Ուիսթ, Կորտըն Քլինկըրշմիթ, Ֆէյթ Ուինթըր, Տենիըլ Քէյկըն, Մորկըն Քերըլ, Ռենտի Պոմկարտնըր, Թիմ Նեւիլ, Լինտա Նիուըլ, Ռոլի Հիթ, Քեւըն Լատպըրկ, Լերի Քրաուտըր եւ Մարթինեց Հիւմենիք։
Քլինկըրշմիթ եւ Նիուըլ նաեւ իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին՝ յիշեցնելով 2005ին տեղի ունեցած æուղայի հայկական խաչքարերու քանդումը ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան դրուատեց այս միջոցառման յաջողութեան առաջնորդած նահանգի հայութեան ցուցաբերած աջակցութիւնը։
Նշենք, որ Մայիս 2ին, առաւօտեան ժամը 8։30ին, «Քոլորատոյի հայեր» կազմակերպութեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի միացեալ գրասենակին բացումը տեղի պիտի ունենայ Տենվըրի մէջ (1373 Grant St. #101A | Denver, CO 80203)։ Մուտքը ազատ է, իսկ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.ancawr.org/DenverOffice կայքէջը, կամ դիմել elen@ancawr.org հասցէին եւ (818) 500-1919 թիւին։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: