Խրուաթիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ Տարելիցին Նուիրուած Խաչքար Օծուած Է

Ապրիլ 24-ին Խրուաթիոյ Տուպրովնիկ քաղաքի Տոմինիքեան վանքի բակին մէջ տեղի ունեցաւ խաչքարի բացման արարողութիւն` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին: Ձեռնարկին ներկայ էին պատգամաւորներ, հոգեւոր գործիչներ, ԶԼՄ ներկայացուցիչներ եւ Տուպրովնիկի քաղաքացիներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տոմինիքեան ուխտի անդամ, պատմական եւ աստուածաբանական գիտութիւններու փրոֆէսոր Հայր Ստեպեան Գրասիչը, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան, քրիստոնէութեան ընդունման եւ ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը իր հաւատքին համար ամենաշատ տառապած ժողովուրդն է: Այնուհետեւ հանդէս եկաւ Խրուաթիոյ մէջ ՀՀ հիւպատոս (նստավայրը` Հռոմ) Արման Յովհաննիսեան: Վերջինս իր խօսքին մէջ նշեց, որ անոնք, որոնք փորձած են բնաջնջել հայ ժողովուրդը, ոչնչացուցած են նաեւ հայութեան ներկայութեան հետքերը, ինչպէս նաեւ խաչքարերը` յիշատակելով ատրպէյճանական բարբարոսութիւնները Նախիջեւանի մէջ: Նշուեցաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը դեռեւս չէ արժանացած միաձայն ճանաչման եւ դատապարտման: Թուրքիայէն եկող ազդակները այս առնչութեամբ յուսադրող չեն: Այս 101 տարուան ընթացքին Թուրքիոյ իշխանութիւնները միայն հարստացուցած են իրենց մերժողականութեան գործիքակազմը, ինչպէս նաեւ խրախուսած Ատրպէյճանի բռնապետական վարչակազմը կրկնելու անցեալի ոճիրները, ինչպէս ատիկա տեղի ունեցաւ օրեր առաջ Լեռնային Ղարաբաղին մէջ:
Այնուհետեւ վանքի առաջնորդ հայր Մաթիաս Ֆարկաշ կատարեց խաչքարի օծման արարողութիւնը: Ձեռնարկը ուղեկցուած է հայկական թառի հնչիւններու ներքոյ` Միքայէլ Ոսկանեանի կատարմամբ:
Խաչքարի քանդակագործն է Արտակ Համբարձումեանը: Խաչքարի պատրաստման եւ տեղադրման նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Հայ-խրուաթական ընկերակցութեան նախագահ Նայիրա Ասատրեանին: