Որո՞ւն մեղքնալ աւելի՝ նախագահ Օպամայի՞ն, թէ՞ միամիտ հայերուն
Պաշտօնավարման ութ տարիներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամա չկատարեց իր նախընտրական խոստումը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը անուանելով «ցեղասպանութիւն»: Այսուհանդերձ, անհասկնալի պատճառով մը, որ կրնայ ներկայացուիլ միայն իբրեւ միամտութիւն, բազմաթիւ հայեր Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ ամբողջ աշխարհի վրայ, Օպամայի պաշտօնավարման առաջին տարուընէ՝ 2009 թուականէն ի վեր, զուր յոյսեր փայփայեցին այն մասին, թէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրոյթը ան պիտի օգտագործէ 2010-ին, 2011-ին կամ 2012-ին:
Երբ նախագահ Օպամա իր պաշտօնավարութեան առաջին շրջանի աւարտին չարտասանեց այդ բառերը, այս միամիտ հայերը համոզուած էին, որ ան պիտի արտաբերէ զանոնք իր երկրորդ եւ վերջին պաշտօնավարութեան ընթացքին՝ 2013-էն սկսեալ: Անոնք թիւրիմացաբար կը կարծէին, թէ հաւանականութիւնը աւելի մեծ է, որ Օպամա «ցեղասպանութիւն» ըսէ, քանի որ ան այլեւս իբրեւ նախագահ պիտի չառաջադրուի, հետեւաբար, ոչ Թուրքիոյ, ոչ ալ ներքին քաղաքական ընդդիմախօսներու կողմէ քննադատութեան ենթարկուելու խնդիր պիտի ունենայ:
Երբ նախագահ Օպամա կը շարունակէր մերժել «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրոյթի օգտագործումը, այս նոյն միամիտ հայերը յօրինեցին նոր պատճառ մը՝ շարունակելով ցանկալին ներկայացնել իրականութեան փոխարէն: Անոնք կը կարծէին, որ եթէ Օպաման համարձակեր է փոխել Քուպայի նկատմամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու սահմանափակման երկարատեւ քաղաքականութիւնը, ապա ան կրնայ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով եւս հանդէս գալ միեւնոյն համարձակութեամբ…: Սակայն, ապացուցուեցաւ, որ այս ենթադրութիւնը անհիմն էր:
Վերջապէս, երբ բոլոր սպասումները ձախողեցան, միամիտ հայեր կ՛ակնկալէին, որ Օպամա պիտի արտասանէ այդ երկու արգիլուած բառերը 2016 թուականի Ապրիլ 24-ին՝ օգտագործելով իր վերջին հնարաւորութիւնը: Այս կանխատեսումը եւս չիրականացաւ: Նախագահ Օպամա իր վերջին յայտարարութեան մէջ օգտագործեց բառարանի մէջ տեղ գտած գրեթէ բոլոր կարելի մեղմասացութիւնները՝ նկարագրելու համար, թէ ինչ տեղի ունեցած է հայ ժողովուրդին հետ 1915-ին՝ բացառութեամբ «ցեղասպանութիւն» բառի…: Ահա նախագահ Օպամայի վերջին բանաւոր վարժանքին արգասիքը՝ «զանգուածային վայրագութիւն, տեղահանութիւն, կոտորած, աքսոր, տառապանք, դժնդակ օրեր, ողբերգութիւն, բռնութիւն եւ սարսափ»: Ինչո՞ւ աշխարհի ամէնէն հզօր երկրի ղեկավարը կը չարչարէ ինքզինք եւ իր օգնականները այսքան շատ բառեր գտնելու համար, երբ միայն մէկ բառ՝ «ցեղասպանութիւն»ը, բաւարար պիտի ըլլար:
Անհաւատալիօրէն, կարգ մը հայեր կտրած-անցած են նաեւ միամտութեան բոլոր սահմանները՝ պնդելով, թէ այնքան ատեն որ ոգեկոչման իր ամէնամեայ ուղերձին մէջ Օպամա օգտագործեց «Մեծ Եղեռն» եզրոյթը, ապա զայն պէտք է դիտարկել իբրեւ իր նախընտրական խոստման կատարում եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում: Խնդիրը այն է, որ Օպամա՝ իբրեւ նախագահի թեկնածու, չէր խոստացած, որ ընտրուելու պարագային «Մեծ Եղեռն» պիտի ըսէ: Ընդհակառակն, ան խոստացած էր «Հայոց Ցեղասպանութիւն» ըսել եւ նոյնիսկ պնդած, թէ՝ «Ամերիկան արժանի է այնպիսի նախագահի, որ ճշմարտութիւնը պիտի ըսէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Այդ նախագահը ես պիտի ըլլամ»: Ասկէ բացի, «Մեծ Եղեռն»ը իրաւական եզրոյթ մը չէ, մանաւանդ որ անհասկնալի է ոչ հայերու համար: Եթէ «Մեծ Եղեռն»ը համարժէք է Հայոց Ցեղասպանութեան, ապա ինչո՞ւ ութ տարի շարունակ Օպամա կ՛օգտագործէ միայն առաջին եզրը, այլ ոչ թէ վերջինը: Եթէ հայերը միամիտ են, ապա նոյնը կարելի չէ ըսել Օպամայի եւ անոր օգնականներուն մասին, որոնք գիտեն, թէ ինչ կ՛ըսեն եւ ինչու…:
Այս անհեթեթ իրավիճակին մէջ կան երկու մեղաւոր կողմեր: Առաջինը՝ նախագահ Օպաման է, որ խոստում տուած է եւ չի կատարեր զայն, այսպիսով խաբելով իրեն հաւատացած եւ երկու անգամ յօգուտ իրեն քուէարկած մարդիկը…: Եթէ Օպամայի համար միեւնոյնն է՝ ամերիկեան հասարակութեան կտակել ճշմարտութիւնը չըսելու ժառանգութիւնը, ապա այդ իր խնդիրն է եւ ոչ թէ ամերիկահայ համայնքին…:
Երկրորդ մեղաւոր կողմը անոնք են, ովքեր անխոհեմօրէն, տարի առ տարի յոյսեր կը փայփայեն, որ նախագահ Օպաման պիտի օգտագործէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերը, թէեւ նման յայտարարութիւն ընելու անհրաժեշտութիւն չկար: Հայոց Ցեղասպանութիւնը արդէն բազմիցս ճանչցուած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ՝ 1951-ին Ամերիկայի կառավարութեան կողմէ Արդարադատութեան միջազգային դատարան ներկայացուցած պաշտօնական փաստաթուղթով, 1975 եւ 1984 թուականներուն Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ ընդունուած երկու բանաձեւերով եւ 1981-ի Ապրիլ 22-ին նախագահ Ռեկընի ընդունած Հռչակագրով: Ինչո՞ւ պէտք է հայերը ձգտին «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրոյթին, երբ անիկա արդէն օգտագործուած է նախորդ նախագահին կողմէ: Արդեօք Ամերիկայի իւրաքանչիւր նախագահ պէ՞տք է օգտագործէ այդ եզրոյթը, որպէսզի հայերը համոզուած ըլլան, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրօք ճանչցուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Ցաւօք, հայերու մեծամասնութիւնը Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կը շփոթէ Թուրքիոյ հանդէպ Ամերիկայի կառավարութեան վարած քաղաքականութեան հետ: Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած համարուող երկիրներէն եւ ոչ մէկը Թուրքիոյ հետ թշնամական յարաբերութիւններ ունի: Նման յարաբերութիւններ չունի նաեւ Ամերիկան…: Բոլոր այդ երկիրները Ցեղասպանութեան ճանաչումը հաւասարակշռեր են Թուրքիոյ հետ բնական եւ նոյնիսկ ջերմ յարաբերութիւններու պահպանմամբ:
Միացեալ Նահանգները պէտք չէ դիտարկել իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչցած երկիր միայն այն պատճառով, որ անոր ղեկավարները կը խուսափին օգտագործելէ ցեղասպանութեան եզրոյթը իրենց քաղաքական կամ տնտեսական շահերու թիւրըմբռնման պատճառով…: Կարելի է դատապարտել այս երկրի վարած քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ նկատմամբ՝ առանց հարցականի տակ դնելու անոր կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Իրականութեան մէջ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալուն համար Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը մեղադրելը, ինչպէս յաճախ կ՛ընեն բազմաթիւ հայեր, կասկածի տակ կը դնէ Ցեղասպանութեան եղելութեան փաստը եւ մեծ վնաս կը հասցնէ Հայ Դատին…
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան