Ալֆորվիլ Քաղաքի Սուրբ Մեսրոպ-Արամեան Վարժարանի Սաները Այցելեցին ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն

Ապրիլ 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի Սուրբ Մեսրոպ-Արամեան վարժարանի սաներուն հետ, որոնք Հայաստան եկած էին տեսնելու Մայր Հայրենիքի պատմամշակութային վայրերը եւ մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ջերմ ու անմիջական զրոյց ունեցաւ ալֆորվիլահայ երեխաներուն հետ` խօսելով Հայրենիքի, հայ ըլլալու խորհուրդին, հայոց պատմութեան կարեւոր դրուագներուն, հայ մշակոյթի մեծերուն, հայրենասիրական այլ թեմաներու շուրջ:
Այնուհետեւ, երեխաները հանդէս եկան Հայաստանին ու հայոց լեզուին նուիրուած բանաստեղծութիւններու ու երգերու կատարումներով:
Հանդիպման աւարտին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ վարժարանին նուիրուեցան Սփիւռքի դպրոցներուն համար նախատեսուած դասագիրքեր եւ ուսումնաօժանդակ նիւթեր: