Պայթիւն Երեւանի 63 Երթուղիի Հանրակառքին Մէջ. Նախնական Տուեալներով` 6 Տուժած Եւ 1 Զոհ

Ապրիլ 25-­ի երեկոյեան Երեւանի Հալաբեան փողոցի թիւ 11 շէնքին մօտ հանրակառքին մէջ տեղի ունեցած պայթիւնի հետեւանքով նախնական տուեալներով կան 6 տուժած եւ 1 զոհ:

Պարզուած է, որ պայթիւնը տեղի  ունեցած է թիւ 63 երթուղիի հանրակառքին մէջ: Ըստ նախնական տուեալներու` կան 6 տուժած եւ 1 զոհ: Տուժածները տեղափոխուած են «Արմէնիա» ՀԲԿ:

Դէպքի վայր կը գտնուին ԱԻ նախարար Ա. Երիցեան, ՓԾ տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար, փ/ծ զօրավար Վ. Գաբրիէլեան, ՓԾ տնօրէնի տեղակալ, փ/ծ գնդապետ Ա. Ցոլակեան, ԵՓՎ պետ, փ/ծ գնդապետ Մ. Ղազարեան եւ ՃԿԱԿ պետ, փ/ծ գնդապետ Հ. Խանգելդեան:

Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցին ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն, դէպքի վայր  մեկնած են ՃԿԱԿ ՕԽՆ, ՀՆՓԱԻԿ փրկարարական ջոկատ եւ երկու մարտական հաշուարկ:

Scroll Up