ԵԽԽՎ-ի Մէջ Ընդունուած է ԼՂ Հակամարտութեան Խաղաղ Կարգաւորման Վերաբերեալ Գրաւոր Յայտարարութիւն

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին ընդունուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ գրաւոր յայտարարութիւն: Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է.

«Համոզուած ըլլալով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի, խորհրդարանական վեհաժողովը կը  վերահաստատէ իր շարունակական աջակցութիւնը Մինսկի խումբի համանախագահներու` իբրեւ միջազգայնօրէն համաձայնեցուած միջնորդական ձեւաչափի ջանքերը` գտնելու հակամարտութեան երկարատեւ եւ արդար կարգաւորում:

Հետեւաբար, մենք կոչ կ՝ուղղենք յարգել Մինսկի խումբի համանախագահներու շարունակական կոչերը` չխարխլելու անոնց իրաւագիրը եւ չբարդացնելու ընթացող բանակցութիւնները:

Մենք կոչ կ՝ուղղենք բոլոր կողմերուն` ձեռնարկելու վճռական քայլեր եւ ցուցաբերելու քաղաքական կամք` հասնելու բանակցուած կարգաւորման, որ հիմնուած է համանախագահ երկիրներու` Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ առաջարկներուն վրայ, որոնք արտայայտուած են 2009-էն նախագահներու մակարդակով եղած 5 յայտարարութիւններուն մէջ:

Մենք կը կիսենք հակամարտութեան գօտիին վրայ իրավիճակի սրման հետ կապուած մտահոգութիւնները: Ծանր զինատեսակներու կիրառումը, ինչպէս ականանետերն ու հրթիռները, անընդունելի են եւ լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն քաղաքացիական բնակչութեան համար: Մենք խորապէս կը ցաւինք զոհերու համար, որոնց մէջ են նաեւ խաղաղ բնակիչներ:

Հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան մեքենականութիւններու ստեղծումը` Մինսկի Խումբի համանախագահներուն կողմէ առաջարկուող վստահութեան ամրապնդման ուղղուած այլ առաջարկներու հետ միասին, ինչպէս նաեւ 1994-ի հրադադարի համաձայնագիրի հաստատումը պիտի օգնեն նուազեցնել լարուածութիւնը եւ պիտի ստեղծեն խաղաղ բանակցութիւններու համար առաւել բարենպաստ մթնոլորտ»:

Նշենք, որ այս գրաւոր յայտարարութեան տակ ստորագրած է ԵԽԽՎ 44 պատգամաւոր:

Scroll Up