Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Գործակարգավարական Խորհրդակցութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/04/183.jpg)
Ապրիլ 18-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ գործակարգավարական խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու, «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի, «Իմ Հայաստան» փառատօնի, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի ղեկավարները:
Նախարարը կարեւոր համարեց Սփիւռքի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցը յաւուր պատշաճի նշելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները համակարգելը եւ յանձնարարեց նպաստել Արցախի պաշտպանութեան բանակին եւ տուժած բնակչութեան աջակցելու գործին մէջ սփիւռքեան կառոյցներուն ու կազմակերպութիւններուն կողմէ իրականացուող ծրագիրները կեանքի կոչելուն, աշխատիլ` դրսեւորելով հետեւողականութիւն, սերտօրէն համագործակցելով Սփիւռքի հետ:
Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հետ կապուած Սփիւռքի կառոյցներուն ու կազմակերպութիւններուն, համայնքներուն կողմէ իրականացուող ձեռնարկները, զեկուցեցին ցուցաբերուած մարդասիրական օգնութեան եւ ֆինանսական աջակցութեան մասին:
Ներկայացուեցան շաբթուան ընթացքին նախարարութեան ծրագիրներու ծիրէն ներս կատարուած ընթացիկ աշխատանքները: Քննարկուեցան նախարարութեան ծրագիրները համայնքներուն տեղայնացնելու, եւ յառաջիկայ ձեռնարկներու կազմակերպման առնչուող հարցեր:
Տրուեցան նոր յանձնարարականներ, նշանակուեցան պատասխանատուներ ու համակարգողներ, ատոնք ժամանակին, արդիւնաւէտ ու հետեւողականօրէն կատարելու ցուցումներ: