Ցուցահանդէս-Վաճառք Հայկազեան Համալսարանէն Ներս` Ի Զօրակցութիւն Արցախի

«Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` Ապրիլ 19-ին Լիբանանի Հայկազեան համալսարանէն ներս տեղի պիտի ունենայ ցուցահանդէս-վաճառք, ուր պիտի ներկայացուին տարբեր իրեր, ձեռագործ աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ արտադրուած ապրանքներ, անուշեղէն, որոնց վաճառքէն գոյացած ողջ գումարը պիտի տրամադրուի Ատրպէյճանի վայրագ գործողութիւններէն տուժած արցախցի ընտանիքներուն:
Աւելցնենք, որ սա Հայկազեան համալսարանի միակ նախաձեռնութիւնը չէ Արցախին օժանդակութիւն եւ զօրակցութիւն ցուցաբերելու ուղղութեամբ:
Հայկազեան համասարանի օտարազգի ուսանողներուն համար պատրաստուած են Արցախի պատմութեան, արցախեան հիմնախնդիրին նուիրուած եւ Ատրպէյճանի բռնարարքները փաստող տեղեկատուական գրքոյկներ: Իսկ օրերս, երբ համասարանի մարզական խումբերը Յունաստանի մէջ մրցաշարի մասնակցած են, խաղերուն ընթացքին ծածանած են նաեւ Արցախի դրօշը: