Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումը Կը Դատապարտէ

Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումը (ՀՀՀ) խոր ընդվզումով հետեւեցաւ ու կը հետեւի Լեռնային Ղարաբաղի` Արցախի անկախ հանրապետութեան սահմանամերձ շրջաններուն ուղղութեամբ ազրպէյճանական թշնամական սադրանքներուն եւ յարձակողական գործողութիւններուն հայ խաղաղարար բնակչութեան դէմ: Վերջին շրջանին յաճախակիօրէն կրկնուած ու անցնող ապրիլի սկիզբը լայնածաւալ տարողութեամբ իրականացած ազրպէյճանական այդ յոխորտանքները, իրենց պատճառած մարդկային թէ նիւթական ցաւալի կորուստներով, ամօթի խարան մըն են թուրանական ախորժակներով կլանուած Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ճակտին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառի հովանաւորութիւնը վայելող Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումը (ՀՀՀ) կեդրոն ունենալով Պէյրութը` բուռն կերպով կը դատապարտէ ազրպէյճանական այս ոճրային արարքը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մեր արցախեան բնօրրանը պաշտպանող հայկական բանակի մերօրեայ հերոսներուն եւ հայրենի ժողովուրդին` միաժամանակ ցաւակցութիւն յայտնելով արցախեան հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան ընթացքին զոհուած հերոս նահատակներու ընտանեկան պարագաներուն: Հայաստանի համախմբումը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ իր կարելիութիւնները դնելու ի սպաս մեր հայրենիքին ու յատկապէս` Արցախի հանրապետութեան հզօրացման ու բարգաւաճման:
Այս առիթով Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումը կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հանրային կարծիքին եւ անկախ պետութեանց` պաշտօնապէս ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ ճիգ չխնայելու խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման եւ Արցախի ժողովուրդին դարաւոր արդար իրաւունքներու վերահաստատման համար:
Փա՛ռք մեր նահատակներուն,
Փա՛ռք հայոց բանակի հերոս զինուորներուն:
ՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ