Շաւարշ Քոչարեան. «Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Փաստաթուղթը Ամբողջութեամբ Կ՛աղաւաղէ Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Էութիւնը»
Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան Պոլսոյ վեհաժողովի ամփոփիչ փաստաթուղթին մէջ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դրդումով տեղ գտած ձեւակերպումները ամբողջութեամբ կ՛աղաւաղեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի էութիւնը, որ արդիւնք է Ազրպէյճանի` Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը զինուորական եղանակով ճնշելու քաղաքականութեան: Այդ մասին յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան:
«Տուեալ ձեւակերպումներով կը մերժուի ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին նկատմամբ յարգանքը, որ կը հանդիսանայ նաեւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան նպատակներէն մէկը եւ որուն հիման վրայ ձեւաւորուած է այդ կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու մեծամասնութիւնը», արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցումով, ի պատասխան «Նիւզ»-ի հարցումին ըսած է Քոչարեան` շարունակելով. «Իրական յարձակող Ազրպէյճանը կը ներկայացուի իբրեւ զոհ, ինչ որ կը նկատուի աջակցութիւն` Ազրպէյճանի կողմէ յարձակումներու նոր ալիք ծաւալելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին կրօնական երանգ հաղորդելու իր ջանքերուն»:
«Տարակուսանք կը յառաջացնէ, որ ինքնորոշուած ժողովուրդի դէմ ծայրայեղ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ձեռագիրով պայքարող Ազրպէյճանը եւ շրջանին մէջ անկայունութեան, ահաբեկչութեան եւ արիւնահեղութեան ալիք տարածող Թուրքիան կրցան իրենց` միջազգային եւ միջնորդ երկիրներու ջանքերուն հակադիր սադրիչ մօտեցումները անգամ մը եւս ներառել Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան փաստաթուղթերուն մէջ», ընդգծած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը: