Կը Շարունակուի Սուրիահայ Վարորդներուն Վարորդական Վկայականներու Տրման Գործընթացքը

Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան ազգութեամբ հայ քաղաքացիներուն վարորդական վկայականներ տրամադրելու գործընթացքը մինչեւ 2016թ. Դեկտեմբեր 31 կարգաւորելու նպատակով կառավարութիւնը ընդունած է համապատասխան որոշում: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Կառավարութեան մամուլի ծառայութենէն:

Ըստ հիմնաւորման` անոնց Սուրիոյ մէջ տրուած վարորդական վկայականները չեն համապատասխաներ 1968թ. Նոյեմբեր 8-ի «ճանապարհային երթեւեկութեան մաuին» պայմանադրութեան, որուն հետեւանքով ատոնք գործածելի չեն համարուիր Հայաստանի տարածքէն ներս: Ատոնց փոխանակումը նոյնպէս արգիլուած է:

Ուստի անհրաժեշտութիւն յառաջացած է շարունակել վարորդական վկայականներու տրամադրման գործընթացքը նաեւ 2016 թուականի ընթացքին: Որոշումը հնարաւորութիւն կու տայ կարգաւորել յառաջացած խնդիրները եւ մինչեւ 2016 թուականի Դեկտեմբեր 31 ծագած յարաբերութիւնները:

 

Scroll Up