Նախագահ Տոքթ. Պաշշար Ալ Ասատ, Առաջին Տիկնոջ Ասմա Ալ Ասատի Ընկերակցութեամբ Մասնակցութիւն Բերաւ Սուրիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն

Այսօր, Չորեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2016ի վաղ առաւօտուն Սուրիոյ բոլոր նահանգներուն մէջ ծայր առաւ Սուրիոյ Խորհրդարանի Օրենսդրկան երկրորդ նստաշրջանի ընտրութիւնները։ Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնէ Գանձասարի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան:

Սուրիացիներ խիտ շարքերով ուղղուեցան քուէատուփ՝ կատարելու իրենց քաղաքացիական պարտաւորութիւնը եւ ընտրելու իրենց ներկայացուցիչը: Նշենք, թէ 3500 թեկնածու կը մրցին Խորհրդարանի 250 աթոռի համար: Քուէարկութեան գործընթացը կը կատարուի 7300 կեդրոններէ ներս, բաժնուած զանազան նահանգներու մէջ: Սուրիական «ՍԱՆԱ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ Վսեմաշուք Նախագահ Տոքթ. Պաշշար ալ Ասատ, Առաջին Տիկնոջ Ասմա ալ Ասատի ընկերակցութեամբ մասնակցութիւն բերաւ նշեալ ընտրութիւններուն, Դամասկոսի «Ալ Ասատ» գրադարանին մէջ:

Սիրիա1Սիրիա2 Սիրիա3Սիրիա4 Սիրիա5

Scroll Up