Արցախի Նեցակցութեան Ալիք. «Զարթօնք»ի Կազմակերպութեամբ Աշակերտական Բողոք-Հաւաք

Հայու հոգին անգամ մը եւս բորբոքած էր ընդվզումով եւ տոգորուած մարտնչելու խանդավառութեամբ :

Ապրիլ ամիսը իւրաքանչիւր հայու համար յուզաթաթախ օրերու շարան մըն է, որովհետեւ մեր նահատակներու յիշատակը եւ անկէ բխած ներկայ պայքարի մարտահրաւէրներն ու ապագայի յաղթական տեսլականը, կու գան այցելելու մեր դարաւոր ժողովուրդի զաւակներուն միտքն ու հոգին: Այս յուզումնալի օրերուն, ազերի-թուրքը անգամ մը եւս ուզեց հայուն վէրքը, որ տակաւին սպի դարձած չէ, իր թունաւոր դաշոյնով  քրքրել եւ ըստ այդ, մեր սիրելի Արցախը ոճրային, դատապարտելի ոտնձգութեամբ, նախայարձակ ռազմական քայլով մը փորձեց հարուածել: Անոր ոտնձգութիւնը կրնար միայն ձախողիլ՝ քաջարի հայ ռազմիկներու հակադարձութեան դիմաց: Դժբախտաբար հայը անգամ մը եւս զոհեր տուաւ, որոնցմէ էր աշակերտ Վաղինակ Գրիգորեանը, հազիւ իր 12 գարունները բոլորած պատանին, որ նահատակուեցաւ, մինչ անոր ընկերակցող եղբայրն ու դասընկերը ծանրօրէն վիրաւորուեցան ազերի ռմբակոծումներու որպէս հետեւանք: Ի՞նչ էր Վաղինակի եւ իր ընկերներուն յանցանքը. անոնք դպրոց կ’երթային սորվելու համար:

Այս առիթով «Զարթօնք» օրաթերթը Երկուշաբթի, 11 Ապրիլ 2016-ի  առաւօտեան ժամը 10-ին, հայկական վարժարաններու վերին դասարաններու աշակերտներու ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ, բողոք-հաւաք մը կազմակերպեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի շրջափակէն ներս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին շուրջ: «Զարթօնք»ի կոչին ընդառաջեցին Լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու մեծամասնութիւնը՝

  1. Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարան
  2. Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան Վարժարան
  3. Անաղարտ Յղութեան Սրբ. Հռիփսիմեանց Վարժարան
  4. Վահան Թէքէեան Վարժարան
  5. ՀԿԲՄ Սահակեան – Լ. Մկրտիչեան Վարժարան
  6. Հայ Աւետարանական Քոլէճ
  7. Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան
  8. Հայ Աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան Վարժարան
  9. ՀԲԸՄ Դարուհի – Յովակիմեան Վարժարան

Ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Հայր Գէորգ Ասատուրեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան ներկայացուցիչներ, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկեր Մայք Վայէճեան, Լիբանանահայ Վարժարաններու տնօրէններ եւ պատասխանատուներ ու իւրաքանչիւր վարժարանէն ներկայացուցչական խումբ մը աշակերտ-աշակերտուհիներ:

Ներկայ էին նաեւ լիբանանեան տպագիր մամուլի ու լսատեսողական կայաններու ներկայացուցիչներ:

Հաւաքը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Բացման խօսքը արաբերէն լեզուով կատարեց «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր ընկեր Սեւակ Յակոբեան: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն վարժարաններու  տնօրէնութիւններուն, որոնք ընդառաջեցին «Զարթօնք»ի կազմակերպած բողոք-հաւաքին: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան, որ ներկաները ընդունեց իր շրջափակէն ներս եւ ի մասնաւորի Արհիապատիւ Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանին, որ վայրկեան մը իսկ չտատամսեցաւ օրհնելու այս օգտաշատ նախաձեռնութիւնը: Ինչպէս  նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան մամուլին եւ լսատեսողական միջոցներուն, որոնք ներկայ էին լիբանանցի եւ արաբ հանրային կարծիքին ներկայացնելու՝ Հայ աշակերտութեան բողոք-հաւաքի մանրամասնութիւնները:

հավաք1

Ընկեր Յակոբեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ նման թշնամական արարք մը աննկատ չէր կրնար անցնիլ սփիւռքահայ եւ մանաւանդ լիբանանահայ գաղութի կողմէ, այս պարագային հայ աշակերտին կողմէ: Պէտք է հայ ներկայ սերունդը ուսուցանել, որպէսզի ան սորվի իր բողոքը քաղաքակիրթ կերպով արտայայտելու եւ մեր ձայնն ու բողոքը լսելի ըլլայ մօտիկ եւ հեռու ժողովուրդներուն։ Անհրաժեշտ է լրատուութիւնը (միտիան) լաւ կերպով օգտագործել, որ աւելի շատ յաճախ փաստած է, թէ նոյնքան կարեւոր է քան ռազմական գործողութիւնները:

Ապա իւրաքանչիւր դպրոցէն աշակերտ մը բեմ բարձրացաւ, որպէսզի հայ աշակերտութեան եւ իր վարժարանի խօսքը փոխանցեր: Յուզումով լեցուն պահ մըն էր. հայ աշակերտը  եղելութեան դիմաց  իր գիտակցութիւնն ու ընդվզումը՝ քաղաքակիրթ եւ հայավայել արտայայտեց: Այս է հայ վարժարանի կարեւորութիւնը: Այսօր տեսնելով այս մատղաշ սերունդը եւ անոր հայ ինքնութեամբ տրոփող սիրտը, կրնանք ըսել մեր ապագան լաւ ձեռքերու մէջ է: Մեծ գնահատական բոլոր մասնակցող վարժարաններուն, անոնց ներկայութեան եւ յատկապէս աշակերտութեան փոխանցած հայեցի դաստիարակութեան:

հավաք2

Խօսք առնող աշակերտներն էին՝

  1. Փաթիլ Պէքարեան
  2. Կարէն Արաբկիրեան
  3. Լոռի Եունիսիս
  4. Քրիստին Թորոսեան
  5. Փաթիլ Արսլանեան
  6. Վահագն Չէլտէրեան
  7. Մարինա Օհանեան (արաբերէն լեզուով)

 Ապա ներկայ աշակերտութեան իր հայրական խօսքը փոխանցեց Արհիապատիւ Հ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան (խօսքը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք)։

Հաւաքի աւարտին  հաւաքական յուշանկար մը առնուեցաւ բոլոր ներկաներուն մասնակցութեամբ:

«Զարթօնք» օրաթերթը իր այս կազմակերպած հաւաքով յաջողեցաւ՝ լիբանանահայ աշակերտութեան հակաազերիական բողոքի եւ Արցախի պաշտպանութեան  ձայնը, զանազան տեղեկատուական հաստատութիւններու միջոցաւ աշխարհին հասցնել:

Scroll Up