Թուրքիա կը հակազդէ Հայոց Ցեղասպանութեան դպրոցական ուղեցոյցին կապակցութեամբ
Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպանը Արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է բացատրութիւն տալու Գերմանիոյ մէջ վերջերս լոյս տեսած Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ դպրոցական ուղեցոյցին առընչութեամբ, զոր պատրաստած է Պոխումի համալսարանի Սփիւռքին յատկացուած Ցեղասպանութեան Ուսումնասիրութեան Հիմնարկը։ Յիշեցնենք, թէ սոյն ուղեցոյցին հեղինակն է Փրոֆ. Միհրան Տապաղ, որ իր գործընկերներուն հետ նախաձեռնած է այս աշխատանքին։ Թուրքիոյ հակազդեցութեան լուրը լոյս տեսած է գերմանական «Տէր Շփիկըլ»ի վերջին թիւին մէջ։
Ուղեցոյցը հրատարակած Սաքս-Անհալթի Կրթութեան նախարարութեան մշակութային կցորդ Սթեֆան Տորկերլոհ այս գծով մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ նիւթը մշակուած է զուտ գիտական տեսանկիւնէն, աւելցնելով թէ ինք կասկածի տակ կ՚առնէ թուրք դերակատարները որոնք ներկայ քննարկումով կը փորձեն հարցը ներքին քաղաքական դաշտ փոխադրել։ Ուղեցոյցը արդիւնք է Սաքս-Անհալթի կրթական հաստատութիւններու եւ Պոխումի Հիմնարկի սերտ համագործակցութեան։ Իր կարգին Փրոֆ. Միհրան Տապաղ յայտնած է հետեւեալը.- «Այս ուղեցոյցը առիթ մըն է ցոյց տալու թէ ինչպէ՞ս պէտք է դպրոցներու մէջ ուսուցանել ցեղասպանութեան նիւթը, հաւաքական բռնութիւններու բաղդատական ուսումնասիրութեան ասպարէզէն անդին։ Միջին Արեւելքի վերջին իրադարձութեանց լոյսին տակ եթէ այսօր չէ, հապա ե՞րբ է ժամանակը ընդունելու Օսմանեան կայսրութեան վարած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը եւ յարգելու զոհերուն յիշատակը»։
Երբ 2005ին Հիմնարկը յղացաւ «20րդ դարու ցեղասպանութիւնները եւ բռնի յանցագործութիւնները պետական դպրոցներու մէջ ուսուցանել» խորագրեալ ուղեցոյցին գաղափարը, ան արժանացաւ ժողովրդային մեծ ուշադրութեան։ Անկէ ետք երբ ուղեցոյցին մէջ աւելցաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ուսուցման մասին գլուխ մը, Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը փորձեց արգիլել սոյն հրատարակութիւնը որ անշուշտ ոչ միայն ձախողեցաւ, այլեւ ուղեցոյցը այնպիսի ջերմ ընդունելութիւն գտաւ որ կարճ ժամանակ յետոյ սպառած ըլլալով երկրորդ հրատարակութեան արժանացաւ։
Այնուհետեւ Պոխումի համալսարանի հետազօտական խումբը իր ուսումնասիրութեան վերջին հանգրուանին պատրաստեց ցեղասպանութեան վերաբերեալ այս ուղեցոյցը, որ թոյլ կու տայ դասարաններու մէջ արծարծել ցեղասպանութեան նիւթը եւ զայն ներգրաւել դպրոցական տարբեր առարկաներու մէջ (պատմութիւն, քաղաքականութիւն, բարոյական եւ կրօնական դաստիարակութիւն)։ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին հրատարակուած ուղեցոյցին մէջ տեղ գտած է 20րդ դարու բռնութիւններու պատմութիւնը։ Աւելին, ուղեցոյցը կը պարունակէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին վերամշակուած գլուխ մը. հոն տեղ գտած են նաեւ այլ ցեղասպանութիւններուն յատկացուած փոքրիկ բաժիններ։
Այս մասին կը յայտնէ Նոր Յառաջ